ԱՆԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻ՜ՒՆ

Մայր Հայաստանէն այսօր յետմիջօրէին հասան ողբերգութեան համազօր լուրեր։ Առանց չափազանցութեան այսօր հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենացաւալի իրադարձութիւններէն մին ապրուեցաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի հողին վրայ, հայոց ազատ ու անկախ, գերիշխան պետականութեան օրով։ Այսօր յետմիջօրէին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գերագոյն Պետը, աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդի Ընդհանրական Հայրապետը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը գերեվարուեցաւ խումբ մը անբարոյականներու կողմէ։

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ շաբաթներէ ի վեր «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» տխրահռչակ շարժումի մը կողմէ սանձազերծուած է արշաւ մը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ։ Ծայրայեղականներ թիրախաւորած են Ամենայն Հայոց Վեհափառը եւ կը պահանջեն անոր հրաժարականը։ Ցայսօր անոնց կողմէ որդեգրուած յանդուգն, անարդարանալի ու աններելի վարուելակերպը դժբախտաբար արժանացաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կրաւորական, լուռ վերաբերմունքին։ Այդ կրաւորականութիւնն ու լռութիւնը միանշանակօրէն խրախոյս մը դարձաւ տխրահռչակ այդ շարժման պարագլուխներուն տեսակէտէ, որոնք ա՛լ աւելի համարձակօրէն սկսան յառաջ տանիլ իրենց ազգակործան արշաւը։ Ամենայն Հայոց Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նուիրական միջավայրին մէջ դիտումնաւոր ձեւով խումբ մը մարդիկ յանդգնեցան խանգարել հոգեւոր անդորրը։ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման պատրուակով աչք փակուեցաւ որպէսզի՝ պետութիւնը անտարբեր մնայ հայոց հոգեւոր կեդրոնի եւ Հայոց Շնորհազարդ Հովուապետի դէմ ոտնձգութիւններուն։ Բոլորը կը փորձէին հասկնալ, թէ այդ տարանջատումը որքա՞ն ատենէ ի վեր կը նշանակէր երաշխիքներէ զերծ պահել հայ ժողովուրդի խղճի ազատութիւնը՝ իր մայր հողին վրայ, իր ազատ ու անկախ պետականութեան օրով։ Եկեղեցական կառոյցներու վերաբերմունքը այսքան օրէ ի վեր ամբողջական ձեւով մնաց քրիստոնէական եւ բարոյագիտական սկզբունքներու, մարդկային հանդուրժողականութեան ու պաղարիւնութեան սահմաններուն մէջ։ Իսկապէս, վերջին շաբաթներուն գայթակղեցուցիչ դրուագներու ականատեսը եղաւ հայ ժողովուրդը, որու աչքէն եւ դատողութենէն որեւէ մանրամասնութիւն չի վրիպիր։ Մինչ Վեհափառ Հայրապետը անցեալ շաբաթավերջին Նախիջեւանի սահմանին վրայ մեկնած էր հայոց բանակի զինուորներուն փոխանցելու իր օրհնութիւնը՝ Հայաստանի սահմանները, երկինքը խաղաղ պահելու ճանապարհին անոնց զօրակցելու համար, անդին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Դիւանատունը բռնագրաւած իբրեւ թէ ցուցարարները կարծես կը վայելէին նո՛յն պետութեան ոստիկաններու հովանաւորութիւնը՝ վերահսկողութեան տեսքով։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոնական գրեթէ բոլոր մարմինները, եպիսկոպոսաց դասը, միաբանները ուղղեցին դրական կոչերու յորդորներ, սակայն այդ բոլորը հազար ափսո՜ս, որ մնացին ապարդիւն։ Իւրաքանչիւր քայլափոխի մտահոգութիւնը աւելցաւ, որ անդառնալի հետեւանքներ պիտի յառաջանային, խնդիրները պիտի դառնային ա՛լ աւելի ծանրակշիռ եւ սպառնալիքի պիտի ենթարկուէր համայն հայութեան հոգեւոր միասնականութիւնը։

Ի վերջոյ, այսօր յետմիջօրէին այդ բոլոր մտահոգութիւնները, հաւատացեալներու բոլոր վախերը վերահաստատուեցան, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը գերեվարուած էր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան հրատապ ձեւով տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետը ուխտի մեկնած էր Գնդեվանք (Վայոց Ձորի թեմ)։ Այնտեղ յայտնի նախաձեռնութեան անդամները վերադարձի ճանապարհին արգելափակեցին Վեհափառ Հայրապետի տեղաշարժը։ Նորին Սրբութեան ինքնաշարժը շրջափակուեցաւ, Գնդեվանքէ վերադարձի ճանապարհը փակուեցաւ այլ ինքնաշարժներով եւ քարերով։ Նախաձեռնութեան անդամները սպառնալիքներ հնչեցուցին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները պաշտօնապէս ահազանգ հնչեցուցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պետին վտանգ կը սպառնայ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բանբերը շեշտեց, որ սոյն գործողութիւնները դատապարտելի են եւ այեւս պէտք է պատժուին օրէնքի ողջ խստութեամբ։

Տխրահռչակ այդ շարժումը ընկերային ցանցերու իր էջերուն կամ կայքերուն միջոցաւ ուղիղ եթերով տեսասփռեց այդ ամբողջ խայտառակութիւնը։ Միջոց մը անց, սակայն, այդ հեռարձակումները ընդհատուեցան։ Շրջանի ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած ըլլալով միջամտութիւն կատարեց։ Մինչ ոստիկանները կը ջանային ճանապարհ բանալ Վեհափառ Հայրապետի ինքնաշարժին համար, տխուր նախաձեռնութեան անդամներու անարգալից վանկարկումները եւ վիրաւորական արտայայտութիւնները կը շարունակուէին Վեհափառ Հայրապետի հասցէին։ Վերջապէս, ոստիկանները հասան Նորին Սրբութեան ինքնաշարժը եւ անոնց ուղեկցութեամբ ան դուրս եկաւ շրջափակուած ինքնաշարժէն եւ այլ փոխադրամիջոցով մը ուղղուեցաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Շուրջ կէս ժամ անց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վեհափառ Հայրապետը արդէն դուրս բերուած է եւ ուղեւորուած՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան ընդգծեց, որ հակառակ տխրահռչակ նախաձեռնութեան յայտարարութիւններուն, մեկնաբանութիւններուն ու հերքումներուն, անոնց պահուածքը հատած է ողջմտութեան բոլոր սահմանները։ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երեկոյեան ժամերուն յայտարարութիւնով մը արձագանգեց այս դէպքին։ Ան խիստ մտահոգիչ համարեց պատահածը եւ շեշտեց, որ ոստիկանութիւը պարտաւոր է շտապ քայլերու ձեռնարկել։

Այս իրադարձութիւնը հայոց արդի պատմութեան ամենատխուր էջերուն մէջ կը գտնէ իր տեղը։ Աշխարհացրիւ 10 միլիոն հայուն Հայրը, հայոց հաւատքի հօր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, հայոց առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու մերօրեայ յաջորդը խումբ մը անբարոյականներու կողմէ գերեվարուած է Մայր Հայաստանի մէջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայ ժողովուրդի արժեհամակարգին, բարոյական բոլոր սահմանումներուն եւ արժանապատուութեան խորհրդանշանն է։ Իր անձին մէջ կը մարմնաւորուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որու Սրբալոյս Միւռոնով դրոշմուած են անոր աշխարհացրիւ բոլոր հաւատացեալ զաւակները։ Եւ այսօր հայ ժողովուրդը ականատես կ՚ըլլայ այնպիսի իրավիճակի մը, երբ իր Հայրապետը թիրախ կը դարձուի տխուր հաշիւներով եւ հայոց անկախ պետականութիւնը ամբողջ անցուդարձը կը դիտէ ձեռնունայն։

Ծանր պահու տակ կողմնորոշուելու եւ արտայայտուելու բոլոր ռիսքերէն վեր, պէտք է անվարան արձանագրել, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը շուրջ քսան տարուան գահակալութեան ընթացքին ծաւալած է հրաշագործութեան համազօր գործունէութիւն։ Ի՛նքն է, որ սովետական անաստուածութեան տասնամեակներու բեռը մեր եկեղեցւոյ ուսերէն թօթափելու համար ճանապարհ դուրս եկած է։ Ի՛նքն է, որ այդ ճանապարհին վրայ քսան տարիէ ի վեր արգելք չէ ճանչցած։ Ի՛նքն է, որ քսան տարիէ ի վեր օր ու ցերեկ աշխատած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր միասնականութիւնը երաշխաւորելու, իր աշխարհացրիւ հօտը համախումբ պահելու համար։ Վեհափառ Հայրապետը այդ համախմբուածութիւնը փորձած է ապահովել ո՛չ միայն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շուրջ, այլ նաեւ Մայր Հայաստանի շուրջ։ Հասկնալի է, որ Հայաստան-սփիւռք կապերուն մէջ, համահայկական համագործակցութեան հարթակին վրայ ամէն ինչ կատարեալ չէ, ամէն ինչ բաղձալի հունի մը մէջ չէ, սակայն այս վերջին երեսուն տարիներուն ի՛նչ ձեռքբերում որ արձանագրուած է, միանշանակ կարելի է վկայել՝ թէ առիւծի բաժինը ապահովուած է Վեհափառ Հայրապետի աննկուն կամքով, անվհատ ջանքերով։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը բարձր պահելու ջանքերու ճանապարհին՝ Ան իր տեսիլքէն անպակաս ըրած է նաեւ հայոց անկախ պետականութեան ամրապնդումը, պետականակերպման գործընթացին զարկ տալը։ Այն ինչ որ այս վերջին տասնամեակներուն սփիւռքի միջոցաւ ապահոված է Հայաստան՝ այնտեղ անուրանալի է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Նորին Սրբութեան դերակատարութիւնը։ Որքան որ ալ այդ արդիւնքը հարցաքննութեան բաց ըլլայ, ապա եթէ Վեհափառ Հայրապետին խրախուսանքը, քաջալերանքը չըլլար, արդէն հարցաքննելիք բան ալ մնացած պիտի չըլլար։

Ճիշդ է, որ սփիւռքը կը ձգտի ու կը փափաքի Հայաստանը տեսնել ժողովրդավար երկիր, ազատութիւններու երկիր։ Ճիշդ է, որ սփիւռքը ջատագովն է Հայաստանի մէջ վերելքի ապահովման, բարեկեցութեան հաստատման։ Այդ բոլորը ճիշդ են։ Բայց եւ այնպէս այդ բոլորը չեն կրնար ըլլալ ի հաշիւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հեղինակութեան, չեն կրնար ըլլալ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահընկէցութեան հաշուոյն։ Արդարեւ, սփիւռքը նախ եւ առաջ, ամէն ինչէ վեր կը դասէ եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութեան բնականոն ընթացքը։ Հայոց աշխարհացրիւ սփիւռքն է, որ սովետական անաստուածութեան տասնամեակներուն միտք յոգնեցուցած, սիրտ մաշեցուցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կայունութեան, անսասանութեան համար։ Եւ երբ եկած են նոր ժամանակներ, երբ Հայաստան վերագտած է իր անկախութիւնը, սփիւռքը համապատասխան եռանդով իր հայեացքը ուղղած է դէպի Մայր Հայաստան՝ առաջին հերթին ակնկալելով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նկատմամբ ամէն տեսակ երաշխիք, ապահովութիւն եւ բարձրագոյն յարգանք։ Ներկայ խայտառակ իրավիճակը կու գայ ստուեր ածել այս ամբողջ համայնապատկերին վրայ։ Ներկայ տխուր կացութիւնը կը խոչընդոտէ հայ ժողովուրդի միասնական ընթացքը։ Այսօրուան ամօթալի դրուագները կը սպառնան համայն հայութեան։ Եւ այս իրավիճակին մէջ ի՞նչ կ՚ընէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը։ Շրջանառութեան մէջ են զանազան պնդումներ, ըստ որոնց իշխանութեան որոշ օղակներու հասած աղանդաւորներու կողմէ կը հրահրուի Վեհափառ Հայրապետին դէմ սանձազերծուած արշաւը։ Հաւանականութիւնները կամ վարկածները կրնան երկար թուարկուիլ, սակայն այդ բոլորը երկրորդական են։ Էական, առանցքային եւ անսակարկելի սկզբունքը հետեւեալն է. հայոց պատմութեան առջեւ, հայ ժողովուրդի առջեւ ու մանաւանդ յաչս սփիւռքին Հայաստանի պետականութեան վզի պարտքն է գուրգուրալ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հանգամանքին ու հեղինակութեան վրայ։ Այլապէս Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար արդարացնել իր լինելութիւնը՝ ով որ ալ գտնուի իշխանութեան գլուխ Երեւանի մէջ։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը չի կրնար առարկայ դարձուիլ ժողովրդավարութեան խաղերու եւ Ան կը խորհրդանշէ այնպիսի անժամանակ արժէքներ, որոնց նշանակութիւնը շա՜տ ու շա՜տ աւելին են, քան այսօր մարդոց միտքը կը հասնի։

 Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներուն տեսակէտէ ներկայ օրը հոգեւոր սուգի պահ մըն է։ Այս ակնթարթը պէտք չէ վերածուի մղձաւանջի մը ու այս ցնցումին միակ դարմանը պիտի ըլլայ դէպքերու անբարոյական պատասխանատուներու արդարադատութեան առջեւ հաշիւ տալը։ Այդ հաշիւը պէտք է պահանջուի, անպայմա՛ն ու անպայմա՛ն պէտք է պահանջուի՝ յանուն հայ ժողովուրդի պատմական երթի անխաթար ընթացքին, յանուն հայ ժողովուրդի պատուին եւ ի վերջոյ յանուն Հայաստանեայց Առաքելական  Սուրբ Եկեղեցւոյ անձեռնմխելիութեան։

Այսօր այլեւս դանակը հասած է ոսկորին։ Եկեղեցաբանական առումով, խղճի առջեւ հաշուեյարդարի առումով տրուած են բոլոր գնահատականները եւ բոլոր միջոցները սպառած են։ Կը մնայ այս բոլորին տալ իրաւական արդար գնահատական, որու առջեւ ճանապարհ պէտք է հարթէ պետութիւնը։  

Ներկայ ծանր պահուն ամենախորին յարգանքով մեր որդիական զօրակցութիւնը կ՚արտայայտենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ՝ վստահ ըլլալով, որ Իր առողջ դատողութեամբ, հօտին նկատմամբ անսահման հայրապետական սիրով եւ հեռատեսութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի կարողանայ յաղթահարել առկայ ծանր փուլը։

Ծառայ ենք, Վեհափառ Տէր, Աստուած օգնական…։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018