ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳԻՉ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Հայաստանի կողմէ սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին վրայ Տաւուշի մարզի սահմանակից բաժիններէն ներս շաբաթավերջէն ի վեր տեղի կ՚ունենան բախումներ։ Անհեռանկար եւ մտահոգիչ կացութիւն մըն է այս մէկը, որով հերթական անգամ միջազգային օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները իրերայաջորդ հաղորդումներ կ՚ընեն սահմանի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի բանակի՝ երէկ գիշեր շարժման անցած հրասայլ մը կրակով կասեցուած է հայկական զօրքերու կողմէ։ Ատրպէյճանի զօրքերը շարունակ կը կրակեն սահմանամերձ գիւղերու վրայ՝ թիրախաւորելով նաեւ խաղաղ բնակչութիւնը։ Բաց աստի, Ատրպէյճան հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով կը թիրախաւորէ Հայաստանի սահմանամերձ զանազան գիւղերու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։ Հայաստանի բանակն ալ կը ջանայ ազդու ձեւով կանխել այս բոլոր ոտնձգութիւնները։ Հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ոչնչացուցած են սահմանամերձ բնակավայրերը հրետանիով կրակի տակ առած Ատրպէյճանի զօրքերու յենակէտերը։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այս կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրները հրապարակած են նաեւ տեսանիւթ մը։ Լուսանկարներ ալ հրապարակուած են Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուած՝ խոցեալ անօդաչու թռչող սարքերու մասին։

Վերջին բախումներու ընթացքին պատահած զոհերու թիւին մասին ալ կողմերը կը հրապարակեն հակասական եւ հակադիր տուեալներ։ Ատրպէյճան կը պնդէ, որ հայկական կողմը ունի 20 զոհ, մինչդեռ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները բացարձակապէս կը հերքեն այդ տուեալները ու միշտ կը շեշտեն, որ հայկական կողմը վերջին բախումներուն ընթացքին զոհ չէ տուած։ Կայ 5 վիրաւորեալ։ Պաքու պաշտօնապէս յայտարարած է, որ ունի 4 զոհ։ Իսկ Ատրպէյճանի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Ռահիմ Ղազիեւ ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուցած է, որ իրականութեան մէջ երկիրը ունի 12 զոհ։ Այդ հրապարակումներէն վերջ Ռահիմ Ղազիեւ ձերբակալւած է Ատրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Երեւանի ղեկավարութիւնը դիւանագիտական գետնի վրայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Պաքուի արկածախնդրութեամբ ստեղծուած վտանգաւոր իրավիճակը միջազգային հանրութեան պարզ դարձնելու համար ամենայն մանրամասնութեամբ։ Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց  նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի, ինչպէս նաեւ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Ըստ իրադարձութիւններու ընթացքին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ պարբերաբար հանդէս կու գայ պաշտօնական յայտարարութիւններով։ Այսպէսով Երեւան կը մեկնաբանէ իրադարձութիւններու ընթացքը եւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ մասնաւորապէս Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ քաղաքային բնակչութեան թիրախաւորուիլը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Մնացականեան եւ Լաւրով երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ զայն յաղթահարելու ուղիները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն։ Սերկէյ Լաւրով Մնացականեանի առընթեր երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։ Ռուսական կողմի հաղորդումներով, Մոսկուա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի երկիրներուն կոչ ուղղած է խուսափիլ այնպիսի յայտարարութիւններէ, որոնք լարուածութիւնը կրնան աճեցնել։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին անդամ է նաեւ Թուրքիան։ Ըստ կարգ մը մեկնաբաններու, այդ ակնարկութիւնը կը վերաբերէր Անգարայի՝ վերջին դէպքերուն զուգահեռ կատարուած յայտարարութեան բերումով։ Տաւիտ Զալքալիանիի հետ զրուցելու ընթացքին ալ Մնացականեան կանգ առաւ նոյն հարցերուն վրայ եւ ընդգծեց, որ անթոյլատրելի են՝ տարածքաշրջանէ ներս իրադրութեան ապակայունացման եւ անվտանգութեան խաթարման ուղղեալ Ատրպէյճանի գործողութիւնները։  Ժոզէֆ Պորելի հետ զրուցելու ընթացքին Մնացականեան շեշտեց, որ Հայաստան հաստատակամօրէն կը պաշտպանէ իր սահմաններն ու ժողովուրդը հանդէս գալով լարուածութեան թուլացման դիրքերէ։

Երէկ առաւօտ, Հայաստանի կառավարութիւնը գումարեց արտահերթ նիստ մը, որու ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու սադրիչ գործողութիւնները խստագոյնս դատապարտելի են։ Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանն ալ Ատրպէյճանի յարձակումներուն բերումով նամակներ ուղարկեց Եւրոխորհուրդի, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի եւ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահներուն։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջազգային զանազան դերակատարներ արձագանգած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ անթոյլատրելի կը համարուի՝ տարածքաշրջանի անվտանգութեան սպառնացող լարուածութեան ապագայ մագլցումը։ Մտահոգութիւն յայտնելով վերջին դէպքերուն բերումով՝ Մոսկուա պատրաստակամութիւն յայտնած է անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերել իրավիճակի կայունացման համար։

Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար մտահոգութիւն յայտնեց սահմանի վրայ ստեղծուած իրավիճակին համար։ Ըստ իրեն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար չափազանց կարեւոր է զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ օգտագործել կապի բոլոր ուղիները՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջոցաւ։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը քննարկման առարկայ դարձաւ նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս։ Ղազախիստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորապէս մտահոգութիւն յայտնեց վերջին դէպքերուն առընչութեամբ։ Իր կարգին, Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին ալ յայտարարեց, որ կայունութիւնը ունի առաջնային նշանակութիւն։ «Մեր տարածքաշրջանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը կարեւոր են Վրաստանի, ինչպէս նաեւ մեր բարեկամ ու գործընկեր պետութիւններու՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ապագայ զարգացման եւ բարգաւաճման համար», ըսաւ Զուրապիշվիլի։ Եւրոպական երկիրներէ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ զանազան խորհրդարանականներ ալ արձագանգած են վերջին իրադարձութիւններուն։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ երէկ դատապարտեցին հրադադարի դրութեան վերջին խախտումները։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի կողմերը անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն ձեռնարկեն՝ հակամարտութեան ապագայ մագլցումը կանխելու համար։ Միջնորդները կարեւորեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ կապի օգտագործումը։ Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին հնարաւորինս արագ ձեռնարկել առարկայական բանակցութիւններու։ Եռանախագահները կը կարեւորեն ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու տարածքաշրջան վերադարձը, երբ պայմանները ըլլան թոյլատու։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը սահմանի դէպքերուն արձագանգելով կոչ ուղղեց, որպէսզի կողմերը խստօրէն հետեւին հրադադարի պահպանման։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ կողմերը անյապաղ պէտք է դադրեցնեն ուժի օգտագործումը ու պէտք է օգտագործեն ուղիղ հաղորդակցութեան կապերը։ Ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր՝ ԱՄՆ վերընդգծեց իր պատրաստակամութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու ուղղութեամբ։

ՄԱԿ եւս արձագանգեց վերջին դէպքերուն։ Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք մեկնաբանեց լուրերը։ Ըստ իրեն, ընդհանուր քարտուղարը կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի մարտական գործողութիւնները դադրին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ, ծանր զինատեսակներու օգտագործումով հանդերձ։ Ընդհանուր քարտուղարը ի գիտութիւն ընդունած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւնը եւ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած՝ բանակցային ճանապարհով խնդիրը լուծելու անոնց ջանքերուն ի նպաստ։

ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին դէպքերը բանավէճ մըն ալ հրահրած են Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ կատարուած յայտարարութիւնը Հայաստանի խիստ արձագանգին պատճառ դարձաւ՝ Ատրպէյճանի ի նպաստ արտայայտուած անվերապահ զօրակցութեան բերումով։ Փաշինեանն ալ յայտնեց, որ Անգարա արիւնահեղութիւն կը հրահրէ տարածքաշրջանէ ներս։ Թրքական կողմն ալ, բնականաբար, այս բոլորին դէմ խստիւ հակազդեց։ Թուրքիոյ դիրքորոշման վերաբերեալ անհանգստութիւնը օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Մնացականեան-Պորել հեռախօսազրոյցի ընթացքին։ Այս առթիւ Մնացականեան յայտնեց, որ Թուրքիա կը ջանայ խաթարել տարածքաշրջանի անվտանգութիւնը։

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ նոյն նիւթին շուրջ։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Թուրքիոյ դիրքորոշումը կ՚իմաստազրկէ իր անդամակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին։

Ստեղծուած բանավէճի մթնոլորտին մէջ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է խելքը գլուխը հաւաքէ։ Տեղական լրատուամիջոցները Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններն ալ կը համարեն ըմբոստութիւն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020