ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Հայաստան կը շարունակէ առարկայ դառնալ իր միջազգային գործընկերներու զօրակցութեան։ Ֆրանսա, Իտալիա, Սերպիա եւ այլ երկիրներ այս շրջանին աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանին, որ համաճարակի մթնոլորտին մէջ կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ։ Հայաստանին զօրակից երկիրներու շարքը երէկ համալրուեցաւ Գերմանիայով։ Այսպէս, գերմանական ռազմաօդային զօրքերէն օդանաւ մը երէկ յատուկ թռիչքով հասաւ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանը։ Կը հաղորդուի, որ այս յատուկ թռիչքով Գերմանիայէն Հայաստան մեկնեցաւ՝ բժիշկներէ եւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներէ բաղկացեալ առաքելութիւն մը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնցի, առողջապահութեան առաջին փոխ-նախարար Անահիտ Աւանէսեանի եւ այլ պաշտօնատարներու կողմէ դիմաւորուեցաւ գերմանական առաքելութիւնը օդակայանին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առաքելութիւնը կ՚իրականացուի Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ՝ գերմանական «ISAR» միջազգային որոնողական ու փրկարար կազմակերպութեան, «Caritas International» կազմակերպութեան, «Ռոպերթ Քոխ» կաճառի, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ միասին։ Ծրագիրը կ՚իրականացուի Եւրոմիութեան «Team Europe» ծրարի շրջանակներէն ներս։

Հայաստանի մէջ խումբի առաքելութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիսի 24-ը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020