ՏԱՒՈՒՇԻ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՄԱԳԼՑՈՒՄԸ՝ ԱՌԻԹ ՄԵԾ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Այն ինչ, որ կատարուեցաւ Տաւուշի մէջ, ըստ երեւոյթին, դեռ երկար ժամանակով կրնայ զբաղեցնել հայկական օրակարգը։ Խօսքը, անշուշտ, միայն ռազմական գործողութեան մը, փոխադարձ հրաձգութեան մը եւ անոր յաջորդած՝ զիրար դատապարտող (Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ) հաղորդագրութիւններով չէ պայմանաւորուած։ Խօսքը ղարաբաղեան հակամարտութեան «մեծ թղթածրար»ը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններ փոխադրելու մասին է։

Ի դէպ, եթէ ռազմական հարթակին երթանք, կերպով մը հաշուի պէտք է առնենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտեցում-հարցումը։ Ան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին հարց կու տար, թէ արդեօք միջադէպը պատահականութեա՞ն մը արդիւնքն էր։ Այսինքն, Ատրպէյճանի բանակէն խմբակ մը, իր մեքենայով սխալմա՞մբ հատած էր սահմանը ու ստիպուած էր կրակ բանալո՞վ ապահովել զինուորներուն շրջան մուտքը՝ վերադարձնելու համար հայկական հողին վրայ մնացած մեքենան (զինուորական կառք էր անշուշտ)։ Իսկ նախարար Տօնոյեան, բաւական ինքնավստահ ոճով կը պատասխանէր հարցին։ Ան հաստատեց, թէ այդպիսի բան չկայ, նաեւ բացատրեց, որ եթէ այդպիսի խնդիր մը ըլլար, ապա կարելի պիտի ըլլար բանակցութիւններու ճամբով արագօրէն եւ առանց արիւնահեղութեան հարցերը լուծել։ Ընթերցողները հարց պիտի տան, թէ ինչո՞ւ մանրակրկիտ կերպով կը ներկայացուին Հայաստանի կառավարութեան երէկուան արտահերթ նիստի այս տուեալները։ Պարզապէս, որովհետեւ նման զարգացումներու իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն շատ կարեւոր է եւ մեզ կրնայ տանիլ նոր եզրակացութիւններու։

Ուրեմն, մեծ հաշուով արդէն յստակ է, որ եղածը սայթաքում մը չէր ու շատ հաւանական է, թէ Պաքու նման «կազմակերպուած» կերպով (կազմակերպուածը չակերտի մէջ առի, որովհետեւ նման դէպքերու պարագային ոչ ոք, բացի Ատրպէյճանի զինուորական-քաղաքական բարձր ղեկավարութենէն, կրնայ այդ մասին հարիւր տոկոսով ճիշդ եզրակացութիւն ունենալ) կը փորձէր խաղի նոր կանոններ թելադրել, կամ ալ հաւանօրէն պատրաստուիլ այլ աւելի մեծ եւ ծանրակշիռ քայլերու։ Ռազմական այս բաժինը աւարտելով՝ աւելցնենք երկու կարեւոր տուեալ։ Կիրակի ընթացք առած մարտերը կեդրոնացած էին՝ Ատրպէյճանի սահմանէն ներս գտնուող «Քարա տաշ» շրջանին վրայ։ Եւ երկրորդ՝ բաւական հրատապ եւ կարեւոր տուեալ մըն է, որ երկուշաբթի վաղ առաւօտուն շարունակուած մարտերուն զուգահեռ հայկական կողմը ձեռք կը ձգէր նոր կարեւոր յենակէտ մը։ Սա բաւականին բարդ կացութեան կը մատնէր Ատրպէյճանը՝ առնուազն մէկ սահմանային յենակէտ կտրելով անոր միւս դիրքերէն ու կերպով մը զայն առնելով պաշարման օղակի մը մէջ։ Այս բոլորը, անշուշտ, աւելի յստակ պիտի դառնայ ռազմական մասնագէտի մը վերլուծութեան պարագային։ Արդարեւ, նման նիւթերու պարագային կարեւոր է լոյսի տալ ամէն ռազմական արարք, այդ մէկուն փոխարարքը եւ այդ բոլորէն ետք վերլուծութեան մը յանգելու հնարաւորութիւնը։ Ամէն պարագայի տակ, ռազմական ընդհանուր պատկերը այս է ու յստակ է նաեւ, որ Պաքու յառաջիկայ օրերուն աւելիով պիտի բանայ փակագիծերը՝ հաշուի առնելով, որ Ատրպէյճան, ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, ունի մեծ թիւով զոհեր, իսկ հայկական կողմը, որ յայտնուած էր պաշտպանուողի դիրքերու մէջ, տուած է հինգ վիրաւոր։

Էական է նաեւ այն հարցադրումը, թէ արդեօք Պաքուն կը փորձէ՞ նոր օրակարգ ձեւաւորել կամ երկրէ ներս առկայ խնդիրներու մեծ եւ բաւական ծանր ամպը դէպի Արցախ-Հայաստան ուղղել։ Եւ կամ զանազան պայմաններու եւ տարածքաշրջանի ընդհանուր լոյսին տակ՝ Ալիեւի վարչախումբը անցա՞ծ է հարցերը ռազմական ճանապարհով լուծելու անօգուտ եւ բոլորին համար աղիտալի հեռանկարներով ընտրանքին։

Տարածքաշրջանային իրադրութեան մասին խօսելով՝ հարկ է նշել, որ հայկական կողմը եւ գրեթէ առաջին անգամ ըլլալով կը դատապարտէր նաեւ Թուրքիոյ կեցուածքները եւ ընդհանուր մօտեցումը (յենուելով Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան վրայ), հաշուի չառնելով, որ Անգարայի պաշտօնական այս կեցուածքին մէջ ոչ մէկ նորութիւն կայ։ Հոս եւս կը ծագի հարցում մը. արդեօք մեզի կը պակսի՞ն հիմնաւորող տուեալներ, որոնք կը ստիպեն Երեւանը նման մօտեցումով մը հանդէս գալու։

Ամէն պարագայի կիրակի օր ընթացք առած եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ստեղծուած լարուածութիւնը մեզի առիթ կու տայ լրջօրէն մտահոգուելու եւ այդ մտավախութիւնները կը փարատին միայն՝ եթէ կողմերը լսեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի յորդորները՝ հարցերը քաղաքական-դիւանագիտական միջոցաւ լուծելու եւ յատկապէս ներկայիս ստեղծուած իրադրութիւնը համընդհանուր ռազմական մագլցումէ մը հեռու պահելու. բան մը, որ վնասաբեր է բոլորին։ Կը մնայ յուսալ, թէ պատերազմի պատրոյգ պարունակող Տաւուշի դէպքը շրջանցուի՝ յենլով շինիչ մօտեցումներու վրայ։

Այլապէս...

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020