1008 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ վերստին հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ միջին հաշուով շաբաթ մը առաջուան տուեալներու բաղդատմամբ օրական նոր դէպքերու թիւը վճռած են հազարի շեմէն վար իջեցնել։

Երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 46 հազար 492 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1008 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 19 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1156։ Ներկայիս խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1223 վարակեալ, իսկ արհեստական շնչառութեան սարքի ենթակայ հիւանդներու թիւն է 402։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2020