ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵՆԷՆ ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ… ԻՇԻՊ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

ՀԻՄՆՈՒՄ ԵՒ «ԷԼ ՔԱԻՏԷ»Ի ՀԵՏ ՓՈԽԱՌԸՆՉՈՒԹԻՒՆ 

Չորս տարիներ առաջ այս օրերուն, ԻՇԻՊ («Իրաքի-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) կը յայտարարէր իր «խալիֆայութեան» հիմնադրման մասին։ Վերլուծաբաններուն համար «անծանօթ» համարուած այս խմբաւորումը, թէկուզ նորութիւն մը չէր, սակայն իր գործելաոճով «կը գերազանցէր» իրմէ առաջ ստեղծուած արմատական մօտեցումներով գործող բոլոր խմբաւորումները։ Ի դէպ, ԻՇԻՊ-ի արմատները գտնելու համար հարկաւոր է ետ երթալ եւ հասնիլ մինչեւ 1984 թուականը, երբ Ապտալլա Ազամ անունով կրօնաւոր մը եւ սէուտցի «էմիր» Ուսամէ պին Լատին Փաքիստանի մէջ միասնաբար կը հիմնադրէին տեղւոյն համայնքներուն «օժանդակութիւն» ցուցաբերող մարմին մը, որ արագօրէն պիտի աճէր ու դառնար բոլորին «քաջ յայտնի» «Էլ Քաիտէ» շարժումը։ Այդ շարժումի գլխաւոր նպատակն էր զինեալ գործողութիւններու ճամբով պայքարիլ Աֆղանիստան մուտք գործած Խորհրդային Միութեան բանակին դէմ։ «Քաիտէ»ի սկզբնաւորութեան թուականին մասին բազում վարկածներ կան, սակայն հիմնական տուեալները կը յուշեն, որ «Էլ Քաիտէ» շարժումը կը հիմնադրուէր 1980-ականներու վերջերուն։

1989 թուականին խորհրդային բանակները դուրս կու գային Աֆղանիստանէն, այդպէսով ընթացք կ՚առնէր բոլորովին նոր փուլ մը, որ կը բնութագրուէր «Էլ Քաիտէ» շարժումի զէնքի ուղղութիւնը դէպի Արեւմուտք ուղղելուն մէջ։

Այս հանգրուանը կարելի է համարել այդ շարժումին հետ կապուած ամենէն «հետաքրքրական» փուլերէն մին։ Այն իմաստով, որ զանազան ճանապարհներով Միացեալ Նահանգներէն տարին միլիոն տոլարներ նեցուկ ստացող «Քաիտէ»ին մէջ կը հասուննային այնպիսի մօտեցումներ, որոնց ճամբով ալ խորհրդային զօրքերուն դէմ մահ ու կենաց պատերազմ մղող այս շարժումը աստիճանաբար կը փոխէր իր ուղղութիւնը եւ որպէս «վերջնական» թիրախ կը դարձնէր Միացեալ Նահանգներն ու աշխարհի ամենատարբեր վայրերուն մէջ այդ երկրի շահերը ներկայացնող կառոյցները։

Այդ մօտեցումներուն շուրջ կարեւորագոյն տեղ կը զբաղեցնէ Արաբական ծոցին մէջ տեղի ունեցած դէպքերն ու յատկապէս Իրաքի Քուէյթ ներխուժումէն ետք ամերիկեան «հակադարձում»ն ու այս անգամ դէպի Իրաք ամերիկեան ներխուժումը։ Ճիշդ է, որ այդ խմբաւորումներուն համար Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյինը այդքան ալ սիրելի կերպար մը չէր, բայց արաբական ընդհանուր միջավայրին մէջ ամերիկացիներուն դէմ առկայ թշնամական մօտեցումները կը ստիպէին արմատական իսլամներուն, որպէսզի իրենց հրացանները ուղղէին դէպի «իսլամական» հողերը հասած «կայսրութիւն»ը։ Ամերիկայի դէմ ատելութեան մթնոլորտի «շիկացման» հետ «Էլ Քաիտէ» իր քայլերը կ՚արագացնէր ու կ՚իրականացնէր սեպտեմբերի «Թուին թաուըր»ի յայտնի գրոհը, որ Միացեալ Նահանգներու արդի ժամանակներու պատմութեան մէջ կը դառնար ոչ միայն անկիւնադարձային դէպք մը, այլ նաեւ սկիզբը կը դնէր արմատականներու դէմ պայքարի նոր փուլի մը, որուն առաջին փուլը կ՚աւարտէր Ուսամէ պին Լատինի սպանութեամբ (մայիս 2011)։

Այդպէսով ձեւով մը վերջ կը գտնէր «Էլ Քաիտէ»ի «ոսկեայ փուլ»ը եւ յստակ կը դառնար, որ շարժումը հասած է բաւական թոյլ եւ նոյնիսկ անուժ հանգրուանի մը։

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Սուրիացի լրագրող Սահիպ Անժարինիի կարծիքով՝ ԻՇԻՊ-ի «գաղափարական կառոյց»ը երկար տարիներու արմատներ ունի։ Լրագրողը, որ այս մասին ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակած է Պէյրութի «Ալ Ախպար» պարբերականին մէջ, նկատել կու տայ, որ ԻՇԻՊ-ի արմատները կը հասնին մինչեւ 1928 թուականը եւ կը սնանին այդ օրերուն հիմնադրուած «Իսլամական եղբայրներ»ու գաղափարներով։ Լրագրողը նաեւ կը հաւատայ, որ ԻՇԻՊ անմիջական շարունակութիւնն է «Քաիտէ»ին այն իմաստով, որ այդ շարժումին, ինչպէս նաեւ «Քաիտէ»ին համար գլխաւոր նպատակ կը հանդիսանայ ստեղծել «իսլամական խալիֆայութիւն» մը եւ զինուորական միջոցներով գրաւուած տարածքներուն վրայ հաստատել իսլամական կանոններով կառավարուող քաղաքներ։ Յար եւ նման իսլամական աշխարհի խալիֆայութեանց, սակայն մէկ տարբերութեամբ, որ ԻՇԻՊ իր գրաւած տարածքները կը ղեկավարէ շատ աւելի վայրագ ընկալումներով՝ արատաւորելով ու ժխտական սեւ երիզով մը պատելով իրական իսլամի ամբողջ արժեհամակարգը։ Իրեն նախորդած բոլոր շարժումներուն դասերը լաւ մը «սորվելէ» եւ յատկապէս «Էլ Քաիտէ»ի անձնասպանական տիպի բոլոր գործելաոճը օրուայ տուեալներուն համապատասխանեցնելէ ետք, ԻՇԻՊ նոր մեթոտներով հանդէս կու գար։ Այդ մեթոտներէն ամենէն յայտնին իր գերեվարած զինուորները մահապատիժի ենթարկելու եղանակն էր, որ կը կատարուէր «վառ» գոյներով։

ԻՇԻՊ-ը տնօրինող ղեկավարները կը հաւատային, որ ռազմական գործողութիւններու կողքին իրենք պարտաւոր են իրենց ռազմավարութիւնները զուգորդել տեղեկատուական «պատերազմ»ներով, որոնց հիմնական եւ առաջնային նպատակն էր ստեղծել ահուսարսափի միջավայր մը։

Ու այսպէս ԻՇԻՊ իր գերիները կախելու, զանոնք հրկիզելու, ջրախեղդ ընելու, մահապատիժի ենթարկելու բոլոր տեսարանները կը վաւերագրէր։ Բարձր արհեստավարժութեամբ նկարահան-ւած տեսանիւթերը կը տարածէր իր ստեղծած ալիքներով, այդպէսով դառնալով իր իսկ կատարած զազրելի արարքներուն գլխաւոր «բեմադրիչ»ն ու տարածիչը։

Ինչպէս նշեցի, այս բոլորը կը կատարուէին մէկ նպատակով, որն էր ստեղծել վախի ու սարսափի միջավայր մը, այդպէսով փորձել կարեւոր միաւորներ կուտակել կողմերուն միջեւ մղուող «հոգեբանական մարտադաշտ»ին մէջ եւս։

ԱՆՉԱՓԱՀԱՍՆԵՐԸ՝ «ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆ» ԵՒ «ԼԱՐՈՒԱԾ ՈՒԺԱՆԱԿ»

ԻՇԻՊ-ի ռազմավարութեան մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէին անչափահաս երեխաները, զանոնք որպէս «մարդկային վահան» օգտագործելու մեթոտը։ Խօսքը միայն սուրիական, իրաքեան բանակին դէմ դնելու միջոցներուն, կամ նահանջի ատեն պատանիներու ետին թաքնուելու մասին չէ, այլ նաեւ մանուկները «կրօնական ուղեղալուացք»ի ենթարկելու, զանոնք մարզելու, ապա անձնասպանական քայլերու մղելու մասին է, որ հակառակ կատարուած «քարոզարշաւ»ին, այդքան ալ մեծ ազդեցութիւն չէր ունենար։

Այդ առումով ամենէն ուշագրաւ պարագան երեւան կու գար Սուրիոյ Փալմիրա պատմական քաղաքի գրաւման օրերուն, երբ ԻՇԻՊ-ի ղեկավարութիւնը՝ որպէս ցուցադրական արարք, քաղաքի պատմական բերդին մէջ կը ժողվէր սուրիական բանակի գերի ինկած տասնեակ զինուորները ու կը հրահանգէր «պատրաստուած» պատանիներուն, որպէսզի տեսախցիկներուն առջեւ մորթեն այդ անզէն գերիները։ Տեսարանը իրապէս սահմռկեցուցիչ էր։ Արարքի տեսագրութիւնը, առանց «փակուած» կամ «գոտաւորուած» ըլլալու, կը տարածուէր ամբողջ աշխարհին։

Այս եւ նման քայլերով ԻՇԻՊ կը փորձէր նոր հարթութեան տանիլ իր պայքարի բնոյթը՝ յայտարարելով ու նոյնիսկ յոխորտալով, որ բացի պատերազմական գետինէն, ան նաեւ կարեւոր եւ ուշագրաւ պայքար կը մղէ «գաղափարական» մակարդակի վրայ։

ԻՇԻՊ-Ի «ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ»Ը

Զանազան ու զարմանազան տեսութիւններ կան կապուած ԻՇԻՊ-ի ստեղծման, անոր «առաքելութեան» ու նոյնիսկ ապագայի «հաւանական» գործունէութեան մասին։ Այդ բոլորը մէկդի դնելով այսօր պարզ սկսած է դառնալ, որ ԻՇԻՊ-ի անցեալի գործունէութիւնը հասած է իր աւարտին։ Այս անշուշտ չի նշանակեր, որ ԻՇԻՊ ընդհանրապէս «ջնջուած» ու վերացած է, սակայն յայտնի է, որ առնուազն Իրաքի եւ մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ այդ հրէշային կազմակերպութիւնը «մեծ դեր» մը չունի ընելիք։ Բացի ԻՇԻՊ-ի դէմ ստեղծուած միջազգային դաշինքէն, կազմակերպութիւնը «ցաւցնող» հարուածներ ստացած է Իրաքի եւ յատկապէս Սուրիոյ բանակին ձեռամբ, անշուշտ հովանաւորութեամբ Ռուսաստանի զինեալ ու յատկապէս օդային ստորաբաժանումներուն։ Յստակ սկսած է դառնալ նաեւ, որ զինուորական մեծ կորուստներ եւ քայքայում ապրող այս կազմակերպութիւնը ինչպէս իր հիմնադրման օրերուն, այսօր ալ նպատակ չունի քաղաքական շարժումի վերածուելու։ Ու այդ առումով եւս յստակ է, որ ԻՇԻՊ շատ հաւանականօրէն մտած է «ներքին լուծարման» փուլ մը, որ կրնայ աւարտիլ նոր ԻՇԻՊ-ներու երեւումով։

Իսլամական հարցերու մասին տեղեկագիրներ պատրաստող մէկէ աւելի վերլուծաբաններ միտուած են այն կարծիքին, որ նոր ԻՇԻՊ-ը իր գործունէութիւնը պիտի ծաւալէ յատկապէս Եմէնի, Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ կարգ մը երկիրներուն մէջ։ Այս առումով եւս անոնք կը «հաւաստիացնեն», թէ կազմակերպութիւնը արդէն իսկ ունի «պատրաստի ծրագրեր» եւ այս ժամանակաշրջանին «զբաղուած» է մանրազննին կերպով ուսումնասիրելու իր նոր թիրախներուն ընդհանուր վիճակն ու այդ շրջաններուն մէջ գործունէութեան մը սկսելու ընդհանուր հնարաւորութիւնները։ Բաց աստի, վերլուծաբաններու ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ, որ ԻՇԻՊ-ի յատկապէս Սուրիոյ մէջ տարած գործունէութիւնը եւ ունեցած «ձեռքբերումներ»ը ի վերջոյ որո՞ւ օգտին եղան։

Հարցումը շատ կարեւոր է հասկնալու համար Միջին Արեւելքի արդի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային համարուող սուրիական պատերազմի սեւ մութ էջերը, որոնք ցաւալիօրէն գրուած են հազարաւոր անմեղ մարդոց արեան կարմիրով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018