ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմանի ռազմաքաղաքական, ռազմական եւ ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան ընթացիկ խնդիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները։ Կողմերը անդրադարձան նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու, մասնաւորապէս՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջանակներէն ներս համատեղ ծրագրերուն։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ նախարարները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս տիրող իրավիճակին։ Դաւիթ Տօնոյեան եւ Սերկէյ Շոյկու կարեւորեցին փոխադարձ վստահութեան եւ համատեղ ռազմավարական դաշնակցային շահերու վրայ հիմնուած պայմանաւորուածութիւններու հետեւողականօրէն կեանքի կոչուիլը։ Դաւիթ Տօնոյեան զրոյցի ընթացքին իր ռուս պաշտօնակցին ներկայացուց Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքին տիրող իրավիճակը, մասնաւորապէս կանգ առնելով Նախիջեւանի ուղղութեան վրայ։ Իր հերթին, Տօնոյեանի խնդրանքին ընդառաջ, Շոյկուն ալ ներկայացուց Սուրիոյ ընդհանուր կացութիւնը։ Տօնոյեան վերահաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին տեղւոյն վրայ բազմակողմանի մարդասիրական, մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու մտադրութիւնը։

Խօսելով ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան խնդիրներու շուրջ՝ նախարարները կարեւորեցին այս ոլորտի մէջ մշակուած ծրագրերու ժամանակին իրականացումը։

Միւս կողմէ, Մոսկուայէ վերադարձին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արցախ։ Ան ծանօթացաւ «Հայ վիրաւոր հերոսներ» հիմնադրամի կողմէ առաջնագծին վրայ ձեռնարկուած ծրագրերուն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018