ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ԴԱՀԼԻՃԷՆ

Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանը երէկ որոշեց ազատ արձակել Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ միջոցէ մը ի վեր կալանաւորուած էր։ 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն բերումով մեղադրանք հասցէագրուած էր Ռոպերթ Քոչարեանին։ Տասն զոհ խլած այդ դէպքերուն շուրջ Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը վերջերս վերստին հարցաքննութեան ձեռնարկած է։ Այս ամբողջին մէջ մեղադրանքներ առաջադրուած են Ռոպերթ Քոչարեանի, այդ շրջանի պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի, Երեւանի կայազօրի պետ Եուրի Խաչատուրովի (այժմ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար), նախկին փոխ-վարչապետներէն Արմէն Գէորգեանի եւ այլոց դէմ։ Ռոպերթ Քոչարեան կ՚ամբաստանուի սահմանադրական կարգը տապալելով։ Իրեն հասցէագրուած մեղադրանքը կը հիմնաւորուի՝ բանակը այդ դէպքերուն միջամուխ դարձնելով։

Առաջին ատեանի դատարանին կողմէ արձանագրուած կալանաւորման վճիռէն վերջ, Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները որոշումը վիճարկած էին Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանին մօտ։ Վերաքննիչ ատեանը երէկ ընթացք տուաւ Քոչարեանի փաստաբաններու տեսակէտին եւ որոշեց ազատ արձակել նախկին նախագահը։ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Վերաքննիչ ատեանի վճիռը որակեց ապօրինի։ Այս գործը տակաւին պիտի քննարկուի Հայաստանի Վճռաբեկ ատեանին կողմէ։ Վերաքննիչ ատեանի դատավճռին հիմք հանդիսացած է անձեռնմխելիութեան հանգամանքը։ Արդարեւ, ըստ Հայաստանի օրէնսդրութեան, նախկին նախագահները անձեռնմխելի կը համարուին՝ իրենց կարգավիճակէն բխած գործառոյթներու պարագային։ Այժմ, Քոչարեան այս հիման վրայ ազատ արձակուած է։

Երէկ երեկոյեան ժամերուն արձակուած դատավճռէն վերջ Քոչարեան դատարանի դահլիճէն իսկ ազատ արձակուեցաւ։ Իր փաստաբանները հակիրճ յայտարարութիւններ ըրին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Մինչ այդ, այսօր կէսօրուան ժամերուն Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ ասուլիսը նախատեսուած էր «Էրեբունի փլազա»ի համալիրէն ներս, ուր կը գտնուի նաեւ իր պաշտօնական գրասենեակը։ Սակայն, ապրուեցան լարուածութիւններ եւ խումբ մը ցուցարարներ բողոքի ալիք մը ստեղծեցին մամլոյ ասուլիսի նախատեսուած սրահին մէջ՝ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու ներկայութեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 14, 2018