ԱՅԺՄԷՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն երէկ ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ։ 2018 թուականին նախատեսուած են Համահայկական ձմրան խաղերը եւ 2019 թուականին՝ ամրան խաղերը։ Համահայկական այս ողիմպիականներուն ընդառաջ այժմէն արդէն նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են։

Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ երէկուան ժողովին ընթացքին ցարդ առնուած քայլերը ամփոփուեցան եւ նախանշուեցան այն քայլերը, որոնք յառաջիկայ շրջանին փուլ առ փուլ կեանքի պիտի կոչուին։

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի այս վերջին նստաշրջանը կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ նաեւ պոլսահայ համայնքին տեսակէտէ։ Արդարեւ, կոմիտէի մօտ Իսթանպուլի նոր ներկայացուցիչը՝ Ալէն Թեքպըչաք առաջին անգամ մասնակցեցաւ համաշխարհային կոմիտէի ժողովին։ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք այս պատասխանատուութիւնը ստանձնած է եւ իր ներկայութեամբ առաջին անգամ տեղի ունեցաւ համաշխարհային կոմիտէի ժողովը։ Ան այս առթիւ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Իշխան Զաքարեանին հետ, որ իրեն մաղթեց յաջողութիւններ եւ յղեց շնորհաւորութիւններ։

Ալէն Թեքպըչաքի առընթեր համաշխարհային կոմիտէ ժողովին մասնակցեցան Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու եւ պատուոյ անդամ Տիգրան Ալթուն։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017