ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳԱԳԱԹՆԵՐ

Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնէն ներս, Հարպիյէ, երէկ կատարուեցաւ «Արդի Իսթանպուլ» գեղարուեստական մեծ ցուցահանդէսի բացումը։ «contemporary istanbul»ը այս տարի կը կազմակերպուի 12-րդ անգամ։ Բացման օրը գեղարուեստական ու գործարար աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր այցելեցին ընդարձակ համալիրը։ Ցուցահանդէսի ընդհանուր պատասխանատուն էր Փրոֆ. Հասան Պիւլենտ Քահրաման։ Ձեռնարկի բացումը կատարեց Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ։

«contemporary istanbul»ի ծիրէն ներս կը ներկայացուին նաեւ Հայաստանէն խումբ մը հեղինակաւոր արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները, որոնք առաջին իսկ օրէն անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձած են։ Մեր համայնքի յայտնի գործարարներէն Օննօ Այվազի նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով, «Կալերի 77»ի տաղաւարէն ներս կը ներկայացուին այդ գործերը, որոնք իսկապէս կ՚առանձնանան իրենց բարձր որակով ու մակարդակով։ «Կալերի 77»ի կողմէ գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած են՝ Արմէն Ռոչի, Տիգրան Ցիթողցեանի, Տարօն Մուրատեանի, Արմէն Գէորգեանի, Վահրամ Դաւթեանի, Միքայէլ Օհանջանեանի եւ Սետաթ Կիրկինի ստեղծագործութիւնները։

Օննօ Այվազի ջանքերով վերջին տարիներուն Իսթանպուլի այս կարեւոր ցուցահանդէսին հետեւողականօրէն կը ներգրաւուին Հայաստանէն հեղինակաւոր արուեստագէտներ, որոնք հայկական արդի արուեստի մասին կարեւոր ներկայութիւն մը կ՚ապահովեն եւ միշտ կ՚արժանանան անմիջական ուշադրութեան։ Սոյն աւանդոյթը կը շարունակուի նաեւ այս տարի եւս։

«Կալերի 77»ի երէկուան այցելուներու շարքին էր գործարար աշխարհէն ծանօթ դէմք մը՝ Լէյլա Ալաթոն։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017