ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութենէն ներս ամսավերջին նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէն կը շարունակէ զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Իրաքի խորհրդարանը, Սեպտեմբերի 25-ին նախատեսուած այս հանրաքուէին համար արդէն ժխտական որոշում մը առաւ։ Թէ՛ տարածքաշրջանի երկիրները եւ թէ միջազգային հաւաքականութիւնը ընդհանուր առմամբ վերապահութեամբ կը մօտենան այս հանրաքուէին։

Այս ամբողջին մէջ Իսրայէլի ղեկավարութեան կողմէ կը տրուին ուշագրաւ պատգամներ։ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու այդ հանրաքուէի նախօրեակին յայտարարեց, որ իր երկիրը քրդական պետութեան մը հիմնադրութիւնը կը պաշտպանէ։ «Մենք ՓՔՔ-ն կը ճանչնանք որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն, սակայն կը պաշտպանենք քիւրտ ժողովուրդի՝ սեփական պետութիւնը ունենալու ուղղեալ օրինական ջանքերը», ըսաւ Նեթանիյահու։

Պենիամին Նեթանիյահու անցեալ ամիս եւս հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը, որու մէջ պաշտպանած էր քրդական անկախ պետականութեան մը գաղափարը եւ քիւրտերը որակած էր արեւմտամէտ ու քաջ մարդիկ։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017