ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի նոր խաղաշրջանի ծրագիրը արդէն ընթացքի մէջ է։ Հարկ է նշել, որ ներկայ խաղաշրջանը յոբելենական է եւ այդ ամբողջին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդիսութիւն մը։

«Ալեքսանդր Սպենդիարեան» Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը աւանդաբար իւրաքանչիւր խաղաշրջանի սկիզբին կը ներկայացնէ «Անուշ» օփերան։ Այս տարի ալ եղաւ այդպէս։ Իսկ անմիջապէս յաջորդեց ուրոյն ծրագիր մը։ Այսպէս, «Սասունցի Դաւիթ»ի երաժշտական ներկայացմամբ առաջնախաղը կատարուեցաւ Երեւանի մէջ։ Ծրագիրը ձօնուած էր երախտաշատ երգահան Հարօ Ստեփանեանի ծննդեան 120-ամեակին։

Գեղարուեստասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս փայլուն ձեռնարկին նկատմամբ։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017