ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Քլոտ Արմէն Մութաֆեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Երէկ ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ։ Մաթեմաթիկոս, պատմաբան եւ հայագէտ Քլոտ Մութաֆեան Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսէօր ըլլալու առընթեր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ է եւ Երեւանի Պետական համալսարանի պատուակալ տոքթոր։

Ողջունելով հիւրը, Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց Քլոտ Մութաֆեանի հայկական պատմամշակութային արժէքներու ուսումնասիրութեան ու պահպանման ուղղեալ գիտական հետազօտական գործունէութիւնը։ Քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողովի նպատակներուն, թեմաթիկ ուղղութիւններուն եւ ակնկալուած արդիւնքներուն վերաբերեալ հարցեր։

Յայտնի գիտնականը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուց Երուսաղէմի մէջ թանգարան մը հիմնելու վերաբերեալ իր ծրագրերը, անդրադարձաւ Սուրբ Երկրէ ներս հայոց ներկայութեան պատմական արմատներուն, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի հաստատման եւ իր ուխտագնացութեան դէպի տէրունակոխ սրբավայրերը։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017