ՅԱՒԱԿՆՈՏ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ

Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց, որ վերջին մէկ տարուան կտրուածքով երկրի մաքրոտնտեսական ցուցանիշները լաւագոյնն են տարածքաշրջանէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Կարապետեան երէկ խորհրդարանի եւ կառավարութեան հարց ու պատասխանին ժամանակ ըսաւ. «Մենք ներկայացուցած ենք մաքրոտնտեսական ցուցանիշներ, որոնք այսօր, թող անհամեստ չըլլայ, թէ՛ Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէն, թէ՛ ԱՊՀ-էն եւ թէ տարածքաշրջանէն ներս լաւագոյնն են։ Սա կը նշանակէ՞, որ մենք մեր բոլոր խնդիրները լուծած ենք։ Ի հարկէ՝ ոչ, որովհետեւ մենք չունինք քաղաքացի մը, որ չի փափաքիր իր կեանքի որակը բարելաւել, իսկ մէկ տարուան մէջ մենք չենք կրնար լուծել բոլորի խըն-դիրները»։

Կարէն Կարապետեանի խօսքերով՝ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած ուղղութիւնը այս պահուն բաւարար է որոշ չափով։ Միեւնոյն ժամանակ, կան ծրագրեր, որոնց կատարման ընթացքէն դժգոհ է կառավարութիւնը։ Վարչապետը կը փափաքի, որ անոնց արդիւնքները ըլլային աւելի լաւ։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017