ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիա երէկ Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու նախարարները ստորագրեցին հռչակագիր մը՝ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս կողմերու համագործակցութեան ամրապնդման շուրջ։

Թիֆլիզի բանակցութիւններէն վերջ հաղորդուեցաւ, որ Վրաստան եւ Իսրայէլ առաջնահերթ կը համարեն ռեզերվի համակարգի մը ստեղծումը, ինչպէս նաեւ սիպեր անվտանգութեան բնագաւառը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2018