«ՄԵՂՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ»

Սեպտեմբերի 14-ին, Շահումեանի շրջկեդրոն Քարվաճառ քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպուի «Մեղրի փառատօն»:  Շրջանին մէջ նման փառատօն առաջին անգամ կը կազմակերպուի, մտայղացումը Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանինն է:

Փառատօնի մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան վայելելու Շահումեանի շրջանի մեղրը, ինչպէս նաեւ համտեսելու աւանդական ճաշատեսակներն ու քաղցրեղէնը: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած է նաեւ մշակութային մաս:

Մինչ այդ, փառատօնի համար պիտի գործէ անվճար փոխադրամիջոց. Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2019