ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆԻ ՏԵՂԱԴՐՈՒՄ

Թեհրանի Պետական բժշկական համալսարանի խորհուրդը որոշեց խորհրդանշական քայլով սկսիլ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանին հետ ապագայ արդիւնաւէտ աշխատանքն ու երկարաժամկէտ կապերու հաստատումը:

Առ այդ, հայ մեծանուն գիտնական Մխիթար Հերացիի արձանը պիտի տեղադրուի Թեհրանի Պետական բժշկական համալսարանի բժշկագիտութեան պարտէզին մէջ՝ որպէս նշան համալսարաններու համագործակցութեան եւ բարեկամութեան:

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի  գիտական խորհուրդը, նկատի ունենալով Թեհրանի Պետական բժշկական համալսարանին եղբայրական քայլը, որոշած է Ապու Սինայի արձանը տեղադրել համալսարանին կողմէ յառաջիկային կառուցուող բժիշկներու պարտէզին մէջ:

Միւս կողմէ, Թեհրանի Պետական բժշկական համալսարանի պատուիրակութեան պաշտօնական այցը Երեւանի Պետական բժշկական համալսարան տեղի ունեցաւ մայիսին, որու ընթացքին ճշդուեցան երկարաժամկէտ եւ բազմակողմանի համագործակցութեան պայմանաւորուածութիւնները: Նոր ուսումնական տարեշրջանին կը նախատեսուին փոխադարձ այցելութիւններ, փորձի փոխանակման ծրագիրներ, որոնք նոր հեռանկարներ կը բանան երկու համալսարաններու ուսանողներու եւ դարմանատուներու համակարգողներուն համար։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14, 2019