ԱՆՏՐԷ ԿԻՒՄԻՒՇՃԵԱՆ. «ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲԱՐՁՐ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՕԳՆԵՆՔ ԱՆՏԱՌԱՊԱՏՈՒՄԻՆ»

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթէն կ՚արտատպենք «My Forest Armenia»ի հիմնադիր Անտրէ Կիւմիւշճեանի հետ Ժիրայր Չոլաքեանի կողմէ կատարուած հարցազրոյցը։

*

-Դուք նախաձեռնած էք ծառատնկումի «My Forest Armenia» ծրագրին, որուն գլխաւոր նպատակն է՝ բնապահական աղէտի գծով մարդիկ գիտակից դարձնել։ Սոյն ծրագիրը եւ ձեր կայքը ինչպէ՞ս կը գործեն։ Մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան մասնակցիլ անտառապատման եւ ծառատնկումի այս աշխատանքին։

-Գաղափարը այն է, որ անհատներ, ընկերութիւններ, ընկերակցութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, այլ խօսքով ամէն ոք կարենայ ծառեր տնկել՝ որպէսզի ջերմոցային կազերու (gaz é effet de serre) հետեւանքները թեթեւնան եւ հողը մշակուի։ Համացանցային կայքը ունի ածխաթթուի դիւրին օգտագործելի հաշուարկիչ, ուր ամէն մարդ կրնայ ներմուծել իր ապրելակերպի զանազան ձեւերը եւ հաշուել իր արձակած ածխաթթուի չափը։ Այնուհետեւ, ստացուած արդիւնքը հաւասարակշռելու համար կարելի է նոյնքան ծառեր տնկել՝ պարզապէս սեղմելով այն կապին վրայ, որ կ՚առաջնորդէ վճարման էջին։

Մարդիկ կրնան նիւթապէս աջակցելով այս ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերել։ Մենք արդէն սկսած ենք կամաւորական խումբեր պատրաստել, որոնք կ՚ուզեն գործնականօրէն մասնակցիլ աշխատանքին։ Նաեւ կը փնտռենք կայքը ֆրանսերէնի թարգմանող կամաւոր մը։

-Ե՞րբ ձեր մէջ արթնցաւ բնութեան նկատմամբ հոգատար ըլլալու ցանկութիւնը եւ ան ինչպէ՞ս դրսեւորուեցաւ բնութեան պահպանութեան դաշտին վրայ։

-Պէտք է ըսել, թէ այդ զգացումը կամաց-կամաց յառաջացաւ մէջս։ Բայց 2018 թուականին իրապէս սթափեցայ երբ անդրադարձայ, թէ այրելով բրածոյ ուժանիւթը որքան ածխաթթու կազ կը տարածուի մթնոլորտին մէջ։ Հետաքրքրուող իւրաքանչիւր անձին հարցում կ՚ուղղեմ. «Գիտէ՞ք թէ մէկ լիթր պենզինը ի՛նչ չափով ածխաթթու կը տարածէ», ոչ ոք գիտէ պատասխանը։ Ինքնաբերաբար, տրուած պատասխանները կը տարուբերին 50-ի եւ 300 կրամի միջեւ։ Ճիշդ պատասխանը հետեւեալն է. մէկ լիթր պենզինը 2.3 քիլօ ածխաթթու կ՚արտադրէ։

Պէտք է մարդոց ժամանակ տալ այս իրականութիւնը ըմբռնելու համար։ Այս ահաւոր թիւը ինծի թոյլ տուաւ հասկնալ հարցին իրական տարողութիւնը, որ սարսափելի է։

Հետեւաբար ինքզինքիս ըսի, թէ պէտք է անպայման բան մը ընել։ Նկատի ունենալով, որ առաւելաբար գործարար մտայնութեամբ գործունեայ մարդ մըն եմ, որոշեցի ծառեր տնկող ընկերակցութիւն մը հիմնել, որ միակը չէր։ Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կան, որոնք տասը տարիէ ի վեր կ՚առաջարկեն ածխաթթուն հակակշռել։ Մեր ընկերակցութեան իւրայատկութիւնը աշխարհագրական վայրի ընտրութեան մէջ կը կայանայ։ Խորհեցայ՝ Ափրիկէի կամ Ասիոյ փոխարէն՝ ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ ծառ չտնկել։

-Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս յղացաք «My Forest Armenia»ն հիմնելու գաղափարը։ Հայաստանի մէջ շրջակայ միջավայրի հարցին նկատմամբ ժողովուրդը որքանո՞վ գիտակից է՝ թէ՛ ընկերութեան, թէ՛ ալ պետական մակարդակով։

-Ինչպէս ըսի, այդ գաղափարը 2018 թուականի դեկտեմբերին մտայղացայ, սակայն, ան մարմին ստացաւ 2019 թուականի ապրիլին եւ ընկերակցութիւնը նոյն տարուան յունիս 18-ին ալ պաշտօնապէս արձանագրուեցաւ։ Պետական մակարդակով Հայաստանի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ գալէն ետք, այդ առումով մեծ փոփոխութիւն նկատելի է։ Այդուհանդերձ, երկրին տնտեսական կացութիւնը երբեմն արգելք կը հանդիսանայ ա՛լ աւելի վճռական որոշում կայացնելու, ինչ որ ըստ իս սխալ մըն է։ Բնապահութեան օգտին ամենէն ճշգրիտ չափանիշներու կիրարկումը միշտ ալ երկար ժամանակի վրայ արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ քաղաքացիներուն համար։

-Անձ մը որքա՞ն պէտք է վճարէ մէկ քիլօ ածխաթթուի համար։

-Ուր որ ալ ըլլաք՝ դուք կրնաք ձեր ածխաթթուի տարածումը փոխարինել «My Forest Armenia»ով։ Մէկ թոն ածխաթթուի ներծծման գինը 25 տոլար կը հաշուէ։ Ի հարկէ, իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն իրեն յատուկ չափանիշներ կ՚օգտագործէ։ Մեզի համար թոն մը ածխաթթուն կրնայ ութ տարուան ընթացքին ներծծուիլ։ Եւ երբ ծառը մեծնայ, պէտք է աւելցնել 10-էն 20 տարի եւս։ Ի վերջոյ, այն ածխաթթուն որուն համար դուք այսօր կը «հատուցէք»՝ 28 տարիէն միայն կրնայ ամբողջովին ներծծուիլ։ Ժամանակը երկար է, սակայն բան մը չընելէն աւելի լաւ է։ Միւս կողմէ, ծառ մը մօտաւորապէս 200 տարի կ՚ապրի, հետեւաբար շրջակայ միջավայրին համար անոր օգուտները կը շարունակուին տակաւին շատ երկար տարիներ։

-Ծառ մը օրական քանի քիլօ ածխաթթու կը մաքրագործէ։

-Դժբախտաբար ոչ թէ օրով այլ տարիով պէտք է հաշուել։ Ծառ մը տարեկան 15-25 քիլօ ածխաթթու կը ներծծէ։ Մենք միջինը նկատի ունենալով հաշուած ենք, թէ ծառ մը ութ տարուան մէջ 200 քիլօ ածխաթթու կը ներծծէ։ Իսկ թէ ինչո՛ւ ութ տարի, որովհետեւ ան այդպէս հաշուուած է մասնագէտներու կողմէ։ 

Ածխաթթուի հակակշռումը լաւ է, սակայն, իրականութեան մէջ պէտք է յատկապէս անոր արտադրութիւնը կասեցնել։ Այս ծրագիրը նախաձեռնելէս ի վեր խոր ուսումնասիրութիւններ կատարած եմ եւ այս ոլորտին մէջ նոր աշխարհ մը յայտնաբերած եմ։ Միաժամանակ անծանօթ եւ սքանչելի աշխարհ մը։ Անդրադարձած եմ, թէ անտառները որքա՜ն կարեւոր են մեր երկրագունդին համար։ Ածխաթթուի կլանումը պարզապէս մանրամասնութիւն մըն է բաղդատած՝ անտառին մատուցած բազմաթիւ բարիքներուն։ Իւրաքանչիւր երկրի համար անտառապատ հսկայական տարածքներ ունենալը կենսական է։

-Ամսուան մը ընթացքին բնապահութեան համար որքա՞ն տուրք պէտք է վճարել հանգիստ խիղճ ունենալու համար։

-Մեր ընկերութեան մէջ միջին հաշուով անձ մը տարեկան 10-էն 30 թոն ածխաթթու կ՚արտանետէ։ Եթէ այդ անձը յաճախ օդանաւով կը ճամբորդէ, նշեալ թիւը շատ արագ կը կրկնապատկուի։ Հետեւաբար եթէ տարեկան 24 թոն նկատի ունենանք, այսինքն ամիսը 2 թոն, բնապահութեան տուրքը ամսական 45-էն 50 տոլար կ՚ըլլայ, ինչ որ մեծ գումար մը չէ։

-Քսան տարիէ ի վեր գործող «Armenia Tree Project»ը (ATP) տարեկան շուրջ 200 հազար ծառ կը տնկէ։ Այդքան ծառը քանի՞ քառակուսի մեթր տարածք կը պարփակէ։

-Մասնագէտները կը թելադրեն իւրաքանչիւր հեկտար տարածութեան մէջ 2500-2800 ծառ տնկել։ Միւս կողմէ, ATP-ն դպրոցներու եւ վանական համալիրներու շրջակայքին ծառատնկումի ծրագրեր ունի եւ անտառապատումը այդ կազմակերպութեան գործունէութեան մէկ մասը կը կազմէ։ Իսկ «My Forest Armenia»ն կը զբաղի այն շրջաններով, որոնք զերծ մնացած են անտառապատման ծրագրէն։

-Ի՞նչ նպատակ սահմանած է «My Forest Armenia»ն։ Անոր ծրագիրը տարեկան որքա՞ն գումարի կը կարօտի։

-Մեր հիմնական նպատակն է տարեկան 400 հազար ծառ տնկել։ Մեր հաշիւներով կը խորհինք, թէ այս գործողութիւնը իրագործելի ծրագիր մըն է, որ տարեկան շուրջ մէկ միլիոն գանձատրում կը պահանջէ։ Այս ընթացքով ծառի մը գինը մօտաւորապէս 2.50 տոլարի կը նայի։ Պէտք է գիտնալ, որ մեր ծախսերուն 75 առ հարիւրը կը յատկացուի ծառատնկումէն յետոյ կատարուելիք խնամքին եւ ծառերու պահպանման աշխատանքին՝ յաջորդ վեց տարիներու ընթացքին, քանի որ ծառը պէտք է ապրի եւ աճի։ Այսինքն միայն ծառեր տնկելը չի բաւեր, պէտք է խնամք տանիլ եւ աճեցնել, որպէսզի ի վերջոյ անոնք անտառներու վերածուին։

-Արդեօք հարկ է օգտագործել մշակելի՞ տարածքները, թէ՞ ժայռոտ ու քարքարուտ անմշակ զառիվարերը։ Եւ մինչեւ ի՞նչ բարձրութեան վրայ կարելի է ծառ տնկել։

-Արդարեւ տարածքներու մատչելի ըլլալու հարցը խրթին է։ Գիւղատնտեսութեան եւ յատկապէս անասնաբուծութեան ոլորտներու կողմէ ճնշում կը գործադրուի։ Անտառապատման համար մենք անխուսափելիօրէն կ՚ընտրենք այն զառիվար տարածքները, որոնք քիչ օգտագործուած են կամ ալ բնաւ չեն օգտագործուած։ Կրնանք մինչեւ 2400 մեթր բարձրութեան վրայ ծառեր տնկել։

-Տեղական իշխանութիւնները ի՞նչ չափով հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն այս ծրագրին։ Արդեօք այս նախագծին յաջողութիւնը պայմանաւորուա՞ծ է անոնց հետաքրքրութեամբ։

-Ուրախալի է, որ տեղական իշխանութիւնները իրապէս հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն։ Միւս կողմէ, ասիկա չի նշանակեր, որ մենք նոյնիսկ մէկ եւրօ պիտի ստանանք։ Անշուշտ որ անոնց նեցուկը գնահատելի է։ Ատիկա նախապայման մը չէ, բայց օգտակար կրնայ հանդիսանալ։ Ապագան ցոյց պիտի տայ։

-Տեղակա՞ն սերմ կ՚օգտագործէք, թէ՞ ներածուած։

-Ամէն ինչ տեղւոյն վրայ կը կատարուի։ Պէտք է գիտնալ, թէ այս տարողութեամբ անտառապատման նախագծի մը համար շատ կարեւոր է նախ եւ առաջ ապահովել նորածիլ բոյսերու պաշարը, իսկ ատոր համար պէտք է անտառներէն անձամբ հաւաքել սերմերը, զանոնք ցանել տնկարանին մէջ եւ ապա տնկել՝ անտառապատման համար նախատեսուած տարածքներուն մէջ։ Բոյս մը տնկարանին մէջ կրնայ մնալ մէկէն երեք տարի, այդ մէկը կախեալ է բոյսի տեսակէն։

-Նկատի ունենալով Հայաստանի բնութիւնը՝ ի՞նչ տեսակ ծառ կը նախատեսէք տնկել։

-Շատ կարեւոր հարցում մը։ Կլիմայական ջեռուցման դէմ պայքարը անբաժան է կենսաբազմազանութեան (biodiversité) պահպանման համար մղուող պայքարէն։ Հայաստան բախտաւոր է, քանի որ ունի Կովկասեան շրջանի ամենէն մեծ կենսաբազմազանութիւնը։ Անոր պահպանութեան համար էական է օգտագործել բացարձակապէս տեղական եւ շրջանային բուսատեսակներ, եւ մենք այդպէս կ՚ընենք։ Շատեր օտարամուտ բոյսեր կ՚օգտագործեն, որոնք շատ աւելի արագ կ՚աճին…։ Ամէն տեղ աճող այս տեսակ բոյսերը վտանգաւոր են եւ սպառնալիք՝ մեր ծառերուն ու անտառներուն, քանի որ եթէ հիւանդութիւն մը տարածուի, այս անգամ ամբողջ անտառը կ՚ոչնչանայ։

Մենք յատկապէս կ՚օգտագործենք՝ կաղնի, շոճի, կնձնի, հացի, ցարասի եւ այլն, որոնք բոլորն ալ տեղական ծառատեսակներ են։ Օրինակ՝ անոնց ամենէն ազնուականը՝ Quercus Macranthera-ն է, որ Հայաստանի եւ Պարսկաստանի մէջ աճող կաղնիի տեսակ մըն է։ Կը տնկենք նաեւ պտուղի ծառեր, ինչպէս՝ վայրի տանձենի, կաղնենի, ընկուզենի եւ այլն։ Պէտք է ըսել, թէ մասնագէտները կը յանձնարարեն ցանել 30 տոկոս թուփ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնց պտուղը կը գրաւէ միջատները, թռչունները…։ Ուրեմն այս բոլորը միասնաբար կը ստեղծեն բնակառոյց (écosystéme) մը, որ անտառին տեւականութիւնը կ՚ապահովէ։

-Հայաստան ունի՞ արդեօք ազատ տարածքներ՝ մեծ թիւով ծառեր տնկելու համար։

-Մեր գործունէութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի մէջ երեք մակարդակի տարածք ունինք.- 

- Ազգային զբօսայգիները, որոնց հետ կրնանք ուղղակի գործակցիլ, քանի անոնք անտառապատման ծրագիր ունին։

- «Հայ անտառ» կազմակերպութիւնը, որ սկզբունքով պատասխանատուն է այն բոլո՛ր անտառներուն, որոնք ազգային զբօսայգիներ չեն։

- Գիւղական համայնքները։

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի 30 հազարէն 60 հազար հեկտար ծառազուրկ տարածք՝ հակառակ անոր որ անտառային գօտիի մէջ կը գտնուին։ Տաւուշի շրջանի կառավարիչի միջնորդութեամբ, մենք Դիլիջանի ազգային զբօսայգիին հետ համաձայնեցանք անտառապատել 20 հեկտար տարածութիւն։ Նկատի ունենալով, որ նշեալ զբօսայգին ցանկապատուած չէ, կը պատահի որ գիւղացիները այնտեղ իրենց անասունները արածելու բերեն, ինչ որ անտառներու վերանորոգման արգելք կը հանդիսանայ։ 

Իսկ գիւղական համայնքները Հայաստանի ամենէն մեծ դաշտերը կը ներկայացնեն։ Վերջերս Լոռիի շրջանի տասնհինգ գիւղեր համաձայնեցան մեզի տրամադրել տարածքներ՝ անտառապատելու նպատակով։

-Ճիշդ է որ նոր ծառեր տնկելը հիանալի գաղափար մըն է, սակայն, ի՞նչ վիճակ կը պարզէ Հայաստանի մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող անտառներու պաշտպանութիւնը։ Պետութիւնը այս առումով որոշակի քաղաքականութիւն մշակա՞ծ է։

-Իրաւացի էք, նախ պէտք է պաշտպանել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող մեր անտառները։ Փաշինեանի կառավարութիւնը անցեալ ամառ այս հարցով զօրաւոր ազդանշան մը տուաւ եւ այդ առիթով նոյնիսկ ցոյցեր ալ տեղի ունեցան, ինչ որ կը փաստէ որոշ անձերու մտայնութիւնը։ Ըսել է, թէ տակաւին երկար ճամբայ ունինք կտրելիք։ Միւս կողմէ, բարեբախտաբար բազմաթիւ գիւղացիներ կը գիտակցին անտառի կարեւորութեան։

Հայաստան պաշտօնապէս 11.2 առ հարիւր անտառապատ շրջաններ ունի, իսկ իրականութեան մէջ այդ թիւը 8-էն 9 առ հարիւր է, Թուրքիան՝ 27 առ հարիւր, Վրաստանը՝ 41 առ հարիւր, իսկ Ֆրանսան՝ 34 առ հարիւր (40 տարուան ընթացքին 7 առ հարիւր աւելցած է)։ Հետեւաբար պէտք է պաշտպանենք եղածը եւ ընդարձակենք անտառապատ տարածքները։

Կը հրաւիրեմ ձեր ընթեցողներէն իւրաքանչիւրը՝ մասնակցելու այս ազգային ճիգին եւ մեծ թիւով ծառեր տնկելու արշաւին։ Կը հրաւիրեմ նոյնիսկ այլ կազմակերպութիւնները՝ նետուելու Հայաստանի անտառապատման աշխատանքին մէջ, որոնց սիրայօժար կերպով պատրաստ ենք աջակցելու։ Անոնք ոչ թէ մրցակիցներ, այլ՝ գործակիցներ են։ Կարեւորը շատ ծառ տնկելն է Հայաստանի մէջ, եւ ոչ թէ՝ ո՞վ կը տնկէ։

Այս երեւոյթին տարողութիւնը բացատրելու համար կրնամ թիւերով խօսիլ.- Հայաստանի մակերեսը 30 հազար քառակուսի քիլօմեթր է, մէկ տոկոսը կը ներկայացնէ 300 քառակուսի քիլօմեթր, այսինքն՝ 30 հազար հեկտար։ Եթէ մենք կարենանք տարեկան 400 հազար ծառ տնկել, կը յաջողինք տարին 160 հեկտար տարածութիւն պատել, ըսել է թէ 187 տարի հարկ է Հայաստանի անտառապատ տարածութիւնը 1 տոկոսով աւելցնելու համար։ 

Հետեւաբար անհրաժեշտ է ընկերային տարողութեամբ օգնել անտառապատման, քանի որ կեդրոններէն հեռու գիւղական շրջաններու գիւղացիներն են բուն աշխատանքը տանողները.- հնձել հունտը, հոգ տանիլ տնկարանին եւ տունկերը ցանել լեռներու մարգագետիններուն մէջ, պահել, պահպանել եւ այլն։ Այս ամէնը բազմաթիւ մարդոց աշխատանք կ՚ապահովէ եւ գիւղերու տնտեսական զարգացման կ՚օժանդակէ, որոնք ընդհանրապէս ամենէն աղքատներն են։ Երբեմն ինքզինքիս հարց կու տամ, որ թերեւս այս երեւոյթը աւելի կարեւոր է քան մեր գործունէութիւնը, որովհետեւ ի վերջոյ մեր հանգանակած դրամը պիտի յատկացուի բազմաթիւ գիւղացիներու՝ անոնց բնապահական գործունէութեան համար։ Իրականութեան մէջ այս երկուքը իրարու կապուած են՝ օգնելով ժողովուրդին մենք կ՚օգնենք անտառին, իսկ անտառները բազմացնելով կ՚օժանդակենք բնակչութեան։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ www.myforestarmenia.org 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2020