1527 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա հերթական անգամ կոչ ուղղեց՝ նախազգուշական միջոցներու մէջ միասնական ըլլալու ուղղութեամբ։ Երէկ երեկոյեան, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 96 հազար 97 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1527 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 57 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1102։ Ներկայ դրութեամբ 1267 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

«Ժահրը մեզմէ կը խլէ մեր սիրելիները։ Այս ընթացքը պիտի կասեցուի միասնական պայքարով։ Նախազգուշական միջոցներու մէջ ըլլանք միասնական եւ առիթ չտանք ժահրին», յայտնեց Ֆահրետտին Քոճա։

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնն ալ հաղորդեց, որ վերջին 24 ժամուայ ընթացքին նոր վարակումներու քանակութեան տեսակէտէ մրցանիշ մը կոտրուած է երկրագունդի վրայ։ Դէպքերու թիւը արդէն գերազանցած է 29 միլիոնի սահմանը։ Ըստ վերջին տուեալներուն, երէկ 5 հազար 500 հոգի մահացած է համավարակի հետեւանքով եւ աշխարհի ընդհանուրին մէջ զոհերու թիւը 928 հազարէ աւելի է։ Ամենաբարձր թիւով դէպքերը արձանագրուած են Հնդկաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Պրազիլիոյ մէջ։ Նոր վարակումներու նախորդ մրցանիշը արձանագրուած էր 6 սեպտեմբերին՝ 306 հազար 857 դէպքով։ Աւստրալիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան կտրուածքով 7 զոհ արձանագրուած է։

Կազմակերպութեան հրապարակած վերջին զեկոյցը, կարճ խօսքով, ունի ահազանգային բնոյթ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2020