ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԻՄՆՈՒԻ ՔԱՑԱԽԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի կառավարութիւնը կը խրախուսէ քացախի արտադրութեան ներդրումային ծրագրին եւ երեք տարի ժամկէտով կը նախատեսէ յետաձգել «ԱՆԴ» ՍՊԸ-ի կողմէ ապրանքներու ներմուծման աւելցած արժէքի հարկի գումարներու վճարման ժամկէտը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այդ մասին որոշման նախագիծը ընդգրկը-ւած է կառավարութեան նիստի օրակարգին վրայ։

«ԱՆԴ» ընկերութիւնը կը զբաղի այգեգործութեամբ (խնձորի այգիներ) եւ մեղուաբուծութեամբ։ Այժմ ներդրումային ծրագրի շրջանակներէն ներս ընկերութիւնը կը նախատեսէ վերազինել արդէն իսկ գործող այգիները հակակարկուտային ցանցերով, նաեւ զբաղիլ մեղրի եւ խնձորի քացախի արտադրութեամբ։

Ներկայացուցած ներդրումային ծրագրի շրջանակներուն մէջ ընկերութիւնը նպատակադրած է կատարել ընդհանուր շուրջ 68.5 միլիոն դրամի ներդրում, որմէ սարքաւորումներու համար նախատեսուած գումարը կը կազմէ շուրջ 64.4 միլիոն դրամ։ Արդիւնքին հնարաւոր կ՚ըլլայ ներդնել շարք մը երկիրներու ժամանակակից սարքաւորմուներ։

Ներդրումային ծրագրի իրագործման արդիւնքին կը ստեղծուի շուրջ 12 աշխատատեղի՝ միջին աշխատավարձը կազմելով 2017 թուականին 77 հազար դրամ, 2018 թուականին 82 հազար դրամ եւ 2019 թուականին 85 հազար դրամ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2017