ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Թուրք զինեալ ուժերու կողմէ Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։ Անվտանգ գօտի մը ստեղծելու առաջադրութեամբ ձեռնարկուած այս գործողութիւնները կ՚ընթանան յաջողութեամբ, նախատեսուած հունով։ Շաբաթավերջի դրութեամբ բանակը արդէն ձեռք անցուցած է Թել Ապեատի վերահսկողութիւնը՝ Ռեսուլայնէ վերջ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ զինեալ ուժերը արդէն հասած են սահմանէն 30 քիլօմեթր խորութեան։ Կը հաղորդուի, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը տուած է ծանր կորուստներ։

«Խաղաղութեան ակ» գործողութեան տեսակէտէ շաբաթավերջին ուշագրաւ լուրեր հասան նաեւ Ուաշինկթընէն։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կոչ ուղղեց, որպէսզի ԵՓԿ-ՓՔՔ-ն դուրս գայ այն շրջաններէն, ուր Թուրքիա գործողութիւններ կը կազմակերպէ։ Ըստ Թրամփի, անկարելի է յաղթանակ տանիլ առանց ռազմաօդային ուժերու։ Փենթակոնի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ ԱՄՆ-ի զօրքերը ամբողջութեամբ դուրս պիտի գան Սուրիոյ հիւսիսէն։

ՏՈԼՄԱՊԱՀՉԷԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի յառաջատար զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ղեկավարներուն հետ։ Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն հրաւիրուած էին քանի մը տասնեակ ազդու լրատուամիջոցներու վարիչներ։ Հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Հանրապետութեան նախագահի կողքին էին Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիք եւ նախագահական աշխատակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց ասուլիսը, որու ընթացքին Էրտողան ծաւալուն ձեւով վերլուծեց իրավիճակը։

Հաւաքոյթի ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ «Խաղաղութեան ակ» գործողութեան առթիւ կատարուած յայտարարութեան մասին։ Ան յստակօրէն իր գնահատանքը ընդգծեց այս արտայայտութեան նկատմամբ։

Մինչ այդ, Էրտողան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները երբեմն եկեղեցիներու մէջէն կը կրակեն Թուրքիոյ վրայ կամ թուրք զինուորներուն վրայ։ Յամենայնդէպս, ստուգելով հանդերձ այդ կրակակէտերը Թուրք զինեալ ուժերը փոխադարձ կրակ չեն բանար այդ ուղղութեամբ, որովհետեւ սկզբունքօրէն բանակը չի թիրախաւորեր սրբավայրերը եւ չ՚ուզեր տեղի տալ համապատասխան չարաշահումներու եւ ապատեղեկատուութեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2019