ԱՆԳԱՐԱ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ՀԱՄԱՐ Կ՚ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ԱՆԴԱՄ ԲՈԼՈՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու առաջարկեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ բանակցութիւններ տեղի ունենան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ բոլոր՝ 11 երկիրներու մասնակցութեամբ։ Նախարարը երէկ այս յայտարարութիւնը ըրաւ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Ըստ Չավուշօղլուի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադար հաստատելու ուղղեալ միջազգային կոչերը բնական են, սակայն գերտէրութիւնները պէտք է նաեւ յորդորեն Հայաստանին՝ դուրս բերել զօրքերը Ատրպէյճանի տարածքներէն։ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման համար օգտակար կրնան ըլլալ բանակցութիւններ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ 11 երկիրներու մասնակցութեամբ։ Չավուշօղլու այս առաջարկը ընելու ժամանակ յիշեցուց, որ ԵԱՀԿ-ի յաջորդ շրջանային նախագահը պիտի ըլլայ Շուէտ եւ այս առաջարկը ներկայացուցած է իր շուէտացի պաշտօնակցին։

1994 թուականին հրադադարի հաստատումէն վերջ ձեւաւորուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կ՚անդամակցին՝ Սպիտակ Ռուսիա, Գերմանիա, Իտալիա, Շուէտ, Ֆինլանտիա, Թուրքիա, ինչպէս նաեւ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Ռուսաստան, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ ունին համանախագահի կարգավիճակ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ միջոցէ մը ի վեր կը յայտնէ, որ Թուրքիա եւս պէտք է համանախագահներու շարքին ընդգրկուի։

Մինչ այդ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ՝ մասնաւորապէս քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած կացութիւնը։

ԱՄՆ-ի նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռապըրթ Օպրայէն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալընի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ամերիկեան կողմը այս զրոյցին շուրջ պաշտօնական հաղորդում մը չէ կատարած։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն ներկայացուցած է ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ Թուրքիոյ դիրքորոշումը, որ Հայաստանի հասցէին լուրջ մեղադրանքներով կը զուգորդուի։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Մինչ այդ, Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ նախօրէին Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ։ Ի շարունակութիւն Անգարայի կողմէ կատարուած հաղորդումներուն՝ ռուսական կողմը յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդեց նախարարներու զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Այսպէս, Շոյկու Աքարի նկատառման յանձնած է իր մտահոգութիւնը այն հաղորդումներուն համար, ըստ որոնց Մերձաւոր Արեւելքէն ահաբեկիչներ կը տեղափոխուին դէպի ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտի։

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ երէկ այս կապակցութեամբ կատարուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ տեղեկացուեցաւ, որ Մոսկուա անհանգստացած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մէջ վարձկաններու ներկայութիւնով եւ աշխուժօրէն կը մասնակցի իրավիճակի կայունացման գործընթացին։ Դիտել տրուած է, որ նախարար Սերկէյ Շոյկու այս հարցին վերաբերեալ բանակցութիւններ կը վարէ զանազան երկիրներէ պաշտօնակիցներու հետ։ «Այս աշխատանքի գլխաւոր նպատակն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումը եւ տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի կարգաւորման համար հակամարտ կողմերու միջեւ բանակցութիւններու սկսիլը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Մոսկուայի աղբիւրները այս առաւօտ ալ հաղորդեցին, որ Սերկէյ Շոյկու հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Ռուս նախարարը կոչ ուղղած է՝ լիարժէք կատարել Մոսկուայի մէջ շաբաթավերջին կողմերու ստանձնած կրակի դադրեցման պարտաւորութիւնները։

ԾԱՆՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի բանակի շարքերէն ներս ընդգրկուած սուրիացի զինեալները ծանր կորուստներ կը կրեն Արցախի մէջ։ «Մարդու իրաւունքներու դիտարկման սուրիական կեդրոն»ը, որ կը գործէ Անգլիոյ մէջ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, տեղեկութիւններ փոխանցեց այս մասին։ Ըստ այդ պնդումներուն, Արցախի մէջ ցայսօր մահացած է 119 Սուրիայէն մեկնած վարձկան։ Միջազգային աղբիւրները կը մատնանշեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կռուելու մեկնած սուրիացի զինեալները սիւննի մահմետականներ են, իսկ Ատրպէյճանի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը շիի դաւանանքին կը պատկանի։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020