ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ԿՈՂՄԷ ՄՇՏԱԿԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտ կողմերուն, որպէսզի հրադադարի համաձայնութիւնները իրականացնեն եւ դադրեցնեն թիրախաւորել բնակչութեան շրջանները. օրինակ՝ Կենճէն եւ Ստեփանակերտը։ «Մենք կ՚ափսոսանք մարդկային կորուստներուն համար ու կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ խաղաղ կարգաւորման», նշեց ամերիկացի պետական քարտուղարը։

Ներկայիս ԱՄՆ-ի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ իրադարձութիւնները արձագանգ չեն գտներ միայն Ուաշինկթընի պաշտօնական յայտարարութիւններով։ Նկատի ունենալով, որ ամերիկահայութիւնը բազմամարդ ցոյցեր կ՚իրականացնէ եւ նախագահական ընտրութիւններու թուականն ալ շատ մօտեցած է՝ ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւններու մէջ ալ կը տեղաւորուի այս հարցը։ Նախագահի թեկնածուներէն Ճօ Պայտըն խստիւ կը քննադատէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետեւած քաղաքականութիւնը այս հարցին շուրջ։ Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած մեծ հանրահաւաքի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ քոնկրէսական Էտըմ Չիֆ, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը եւ որ ծանօթ է իր հայամէտ կեցուածքով։ Ըստ իրեն, եթէ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա հետաքրքրուած չեն Արցախի ներգրաւմամբ բանակցութիւններ վարելու, ապա ժամանակն է՝ որ ԱՄՆ ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը։

Մինչ Արցախի մէջ հակամարտութիւնը տակաւին թափ կը հաւաքէ, հաղորդումներ կը կատարուին նաեւ Ատրպէյճանի ջանքերուն մասին՝ ամերիկացի օրէնսդիրներու սիրաշահման վերաբերեալ։ «The American Conservative» պարբերականի հաղորդումներով, Ատրպէյճան անցեալ մէկ տարուան ընթացքին 1.3 միլիոն տոլար ծախսած է Ուաշինկթընի մէջ լոպիինկ իրականացնելու համար։

Իր  կարգին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահներէն Քերի Քեւինօ յայտնեց, որ ռազմական գործողութիւնները որեւէ կողմի շահերէն չեն բխիր, հակամարտութեան լուծումը հնարաւոր է միայն բանակցութիւններու միջոցաւ եւ սա բարդ ճանապարհ մըն է։ Ըստ ամերիկացի դիւանագէտին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ կողմերը ի վերջոյ կրնան համաձայնութեան մը հասնիլ, բայց հասարակութիւնները պէտք է պատրաստուին այս բանին, ինչ որ դժուար է ռազմական գործողութիւններու պայմաններուն ներքեւ։

Ուաշինկթընի առընթեր, Արեւմուտքի ուժային միւս լծակներն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին Արցախի իրադարձութիւններուն։ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։ Կողմերը անդրադարձան անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու կողմէ կատարուած յայտարարութեան՝ մարդասիրական հրադադարի վերաբերեալ։ Հարկ է նշել, որ նախընթաց օր ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած էին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը եւ Պորել հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղած էր անյապաղ վերսկսիլ առարկայական բանակցութիւնները, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ։

Երէկ, Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը՝ Ժան-Իվ լը Տրիան հերթական անգամ անդրադարձաւ ղարաբաղեան հարցին։ Ըստ իրեն, Փարիզ խստօրէն կը պահպանէ անաչառութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման իր քայլերու պարագային։ Ըստ նախարարին, Ֆրանսա պէտք է օգտագործէ իր երկկողմանի յարաբերութիւնները՝ հրադադար ապահովելու եւ այս ուղղութեամբ ձեռքբերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան նպաստելու համար։ Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելով Ժան-Իվ լը Տրիան յիշեցուց, որ 1994 թուականին ԵԱՀԿ որպէս միջնորդ Ֆրանսան լիազօրած է՝ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020