ԹԷԺ ԵՒ ԱՆԽԱՓԱՆ ԿՌԻՒՆԵՐ

Թէժ մարտերը անխափան կը շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Դժբախտաբար, հրադադարի պահանջները յաճախ կը կրկնուին, յոյսերը կը պահուին, սակայն դաշտի վրայ իրողութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծի ամբողջ երկայնքով, նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանին վրայ սաստիկ բախումները կանգ չեն առներ։

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ Արցախի ճակատին վրայ երէկ տեղի ունեցած են այս պատերազմի սկիզբէն ի վեր գուցէ ամենածանր մարտերը։ Ըստ իրեն, այս ընթացքին զինեալ ուժերու կանոնաւոր բանակի, պահեստազօրի, աշխարհազօրի միասնական, համատեղ գործողութիւններով կասեցուած են Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը որեւէ էական յառաջխաղացում չեն արձանագրած։ Անշուշտ, Պաքուի աղբիւրներն ալ երէկ շարունակեցին հաղորդել, որ հայկական զօրքերը կրակը չեն դադրեցներ եւ կը շարունակեն թիրախաւորել խաղաղ բնակչութիւնը։ Պատերազմական գործողութիւններու բնոյթէն բխած այս իրերամերժ տուեալներէն խուսափիլ անշուշտ հնարաւոր չէ ներկայ ծանր պայմաններով։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ տեղեկացուց, որ Արցախի բոլոր շրջաններէն ներս աշխարհազօրայիններէ բաղկացեալ ջոկատներու կազմաւորման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին։ Ստեփանակերտի աղբիւրները հաղորդեցին նաեւ, որ երէկուան դրութեամբ Շուշիի մէջ անվտանգութեան կանոնները ա՛լ աւելի խստացուած են։ Մասնաւորապէս՝ երեկոյեան ժամերուն քաղաքէն ներս պարէտային ժամ կը յայտարարուի եւ ժողովուրդը փողոց դուրս չի գար։

Գիշերը ներկայացուած այս պատկերէն վերջ, հայկական աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի բանակը դարձեալ սկսած է հրետակոծել առաջնագծի բոլոր ուղղութիւնները։ Դժբախտաբար, այս առաւօտ մտահոգիչ ուրիշ իրադարձութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ։ Ատրպէյճանի կարգ մը պնդումներու լոյսին տակ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ զգուշացուեցաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն որեւէ ձեւով կրակ չի բացուիր Ատրպէյճանի վրայ։ Յամենայնդէպս, այս յայտարարութենէն վերջ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը թիրախաւորեցին Հայաստանի բանակի կարգ մը մարտական ինքնաշարժները, որոնք հերթապահութիւն կը կատարէին։ Այս իրադարձութենէն վերջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ, ըստ որու երկրի զինեալ ուժերը իրենց իրաւունք կը վերապահեն թիրախաւորել Ատրպէյճանի որեւէ ռազմական կառոյց։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակն ալ հաղորդեց, որ այս առաւօտեան բախումներուն ժամանակ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները խոցած են Ատրպէյճանի ռազմաօդանաւ մը։ Արծրուն Յովհաննիսեան այս առաւօտ ալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հաղորդեց, որ Իսրայէլէն եւ Թուրքիայէն զէնքի մատակարարումները կը շարունակուին դէպի Ատրպէյճան։

Հայկական կողմը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Ա-տըրպէյճանի բանակէն ցայսօր առնուազն 5489 զինուոր մահացած է։ Հայկական կողմի կորուստներու այժմու թիւն է 532։ Ասոնց վրայ կու գան աւելնալ քաղաքացիական զոհերը։ Ատրպէյճանի բանակը ցարդ կորսնցուցած է 19 ռազմաօդանաւ, 16 ուղղաթիռ, 176 անօդաչու թռչող սարք, 541 հրասայլ, 4 «Թոս» համազարկային կայանք եւ այլն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020