ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉՄՍԽԵԼ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ մտահոգութիւն յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս բռնութիւններու շարունակութեան կապակցութեամբ։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի հակամարտ կողմերը անյապաղ իրագործեն՝ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած հրադադարի պայմանները։ Միջնորդները դիտել տուին, որ ռազմական գործողութիւնները աղիտալի հետեւանքներու յղի են ամբողջ տարածքաշրջանի տեսակէտէ։ Քաղաքացիական բնակավայրերու դէմ յարձակումները անընդունելի են որեւէ պարագայի մէջ։ Միջնորդները նաեւ յորդորեցին հրատապ համաձայնութիւն գոյացնել՝ հրադադարի խախտման դէպքերու վերահսկման դրութեան հաստատման շուրջ։ Համանախագահները տագնապով արձագանգեցին հակամարտութեան գօտիէն ներս շարունակուող բռնութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, միջնորդները նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ, որ կու տար պաշտօնական այցելութիւն մը։ Այդ հանդիպումէն վերջ հրապարակուեցաւ համանախագահներուն յայտարարութիւնը։

Մնացականեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ։ Քննարկուեցաւ հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ հակամարտութիւնը այլընտրանք չունի։ Մոսկուայի մէջ Զօհրապ Մնացականեան հարցազրոյց մըն ալ տուաւ շարք մը ռուսական լրատուամիջոցներուն։ Իր խօսքով՝ կրակի դադրեցման հնարաւորութիւնը կորսնցնելը խիստ վտանգաւոր է։ Ուստի կը քննարկուի հրադադարի ամրապնդման դրութիւններու հաստատուիլը, բայց Ատրպէյճան միշտ դէմ եղած է այդ բանին։ «Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններէն բացառել հնարաւոր չէ։ Անկարելի է, որ մենք Երեւանի մէջ բան մը որոշենք եւ այդ մէկը օրակարգի վրայ բերենք առանց Ստեփանակերտի համաձայնութեան», ըսաւ Մնացականեան։ Անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ կատարուած մարդասիրական հրադադարի վերաբերեալ յայտարարութեան գլխաւոր արդիւնքներէն մին էր՝ բանակցային ձեւաչափի անփոփոխելիութեան վերաբերեալ համաձայնութիւնը։ Թէեւ ամրագրուած է բանակցային ընթացիկ ձեւաչափի անփոփոխութիւնը, բայց սա չի նշանակեր, որ Արցախը կը բացառուի բանակցութիւններէն։

Մինչ այդ, Զօհրապ Մնացականեան հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «BBC Newshour»ին։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Մենք տակաւին յոյս ունինք, թէ պիտի կարողանանք իրավիճակը վերադարձնել իր բնականոն հունին, վերադառնալ մեր համաձայնութեան՝ կրակի դադրեցման, որպէսզի կարողանանք վերականգնել մեր բնականոն աշխատանքը»։ Ընդգծելով Արցախի հայութեան ֆիզիքական անվտանգութեան խնդիրները՝ Մնացականեան կանգ առաւ փոխադարձ զիջումներով լուծման կարելիութեան վրայ։ Հարցազրոյցի տեւողութեան նախարարը կրկնեց հրադադարի վերահսկման դրութիւններու հաստատումը։

ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՍՈՒԼԻՍ. Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այս առաւօտ Մոսկուայի մէջ ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին շուրջ։ Ըստ իրեն, քաղաքական լուծումը պէտք է զուգահեռ ընթանայ արդէն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման հետ։ «Անհրաժեշտ է անյապաղ հանդիպիլ զինուորականներու մակարդակով եւ համաձայնեցնել այն դրութիւնը, որու մասին կ՚ըսուէր մեր փաստաթուղթին մէջ», ընդգծեց Լաւրով՝ անդրադառնալով ռուսական կողմի միջնորդական ջանքերուն։ «Հիմա նոյնիսկ ո՛չ թէ խաղաղապահները, այլեւ՝ ռազմական դիտորդները կրնային ապահովել կրակի դադրեցման պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Անոնց տեղակայումը բաւարար կ՚ըլլար։ Մենք համոզուած ենք, թէ սա միանգամայն ճիշդ կ՚ըլլար, եթէ մեր ռազմական դիտորդները ըլլային, սակայն վերջնական խօսքը հակամարտ կողմերուն կը պատկանի», ըսաւ Լաւրով ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ։ Ռուս նախարարը շեշտեց նաեւ, որ բանակցային սեղանի վրայ մնալ կը շարունակեն այն առաջարկները, որոնք մշակուած են կամ կը շարունակուին մշակուիլ համանախագահներուն կողմէ։ Անոնց բովանդակութիւնը արդէն յայտնի է։ Լաւրով, միեւնոյն ժամանակ, բացառիկ որակեց այն բանակցութիւնները, որոնք անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Մոսկուայի մէջ՝ նախորդելով մարդասիրական հրադադարի վերաբերեալ յայտարարութեան։

Սերկէյ Լաւրով իր յայտարարութիւններուն մէջ մեկնաբանեց նաեւ Թուրքիոյ դիրքորոշումը։ Իր խօսքերը հերթական անգամ ի յայտ բերին Անգարա-Մոսկուա տարակարծութիւնները այս հարցին շուրջ։ «Ռուսաստան չի բաժներ Թուրքիոյ կարծիքը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ունի ռազմական լուծում։ Մենք համակարծիք չենք Թուրքիոյ եւ նախագահ Ալիեւի կողմէ բարձրաձայնուած դիրքորոշման հետ։ Այստեղ որեւէ գաղտնիք չկայ», դիտել տուաւ Լաւրով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020