ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՎԻԺԵՑՆԷ ՀՐԱԴԱԴԱՐԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան ռազմական գործողութիւնները պիտի չդադրեցնէ, քանի տակաւին Թուրքիոյ դիրքորոշումը չէ փոխուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Փաշինեան շարունակեց քննադատել Անգարան։ Ըստ իրեն, Թուրքիա կը վիժեցնէ հրադադարը։ Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին մարդասիրական հրադադարի մասին կատարուած յայտարարութենէն վերջ առաջին անգամ Նիկոլ Փաշինեան տուաւ հարցազրոյց մը, որու ընթացքին Երեւանէն Անգարայի դէմ բարձրաձայնուած վրդովմունքը հերթական դրսեւորում մը ունեցաւ։ Փաշինեան համոզուած է, որ Թուրքիա կը փորձէ Հարաւային Կովկաս ներթափանցել ծաւալապաշտ նկրտումներով։ «Ամբողջ Հարաւային Կովկասը կը դառնայ Սուրիա եւ այդ կրակը կը տարածուի դէպի հիւսիս, դէպի հարաւ շատ արագ, գործնականօրէն ամիսներու ընթացքին եւ աւելի երկարաժամկէտ դէպի արեւելք», ըսաւ Հայաստանի վարչապետը։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ութէի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Արցախի ռազմական գործողութիւններու ընթացքին շուրջ, ընդգծելով մարդասիրական հրադադարի խախտման փաստերը։ Ութէ կարեւորեց կողմերու միջեւ հրադադարի պահպանումն ու հաշտութեան գործընթացի վերսկսումը։ Հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներու համատեսքին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի անխափան իրագործման հնարաւորութեան կարեւորութիւնը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «Russia Today» հեռուստակայանին։ Ծաւալուն յայտարարութիւններուն մէջ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ վերջերս օրակարգի վրայ բերուած շարք մը հարցերուն։ Ան բացարձակ անհեթեթութիւն որակեց այն պնդումները, ըստ որոնց Հայաստանի մէջ ՓՔՔ-ական զինեալներ կը գտնուին։

Արմէն Սարգսեան հերքեց նաեւ այն խօսակցութիւնները, ըստ որոնց հայերը կրնան հարուած հասցնել Պաքու-Թիֆլիզ-Ճէյհան խողովակաշարին։ «Ո՞ւր է տրամաբանութիւնը։ Եթէ հայերը ուզէին հարուածել խողովակաշարը, այդ բանը կ՚ընէին քսան տարի առաջ, երբ այն տակաւին նոր կը կառուցուէր։ Եթէ այդ ժամանակ հարուածէին, ապա խողովակաշարը առհասարակ գոյութիւն չէր ունենար, սակայն հայերը այդ բանը չեն ըրած։ Նոյնիսկ փամփուշտ մը չէ արձակուած։ Հայերը թոյլ տուած են Ատրպէյճանին կառուցել խողովակաշար, վաճառել նաւթ ու կազ, ներառեալ Կեդրոնական Ասիայէն, շահիլ միլիառաւոր տոլարներ եւ այդ գումարները օգտագործելով գնել զէնք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՚օգտագործեն հայերու դէմ», ըսաւ նախագահը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020