«ՔՐԻԹԻՔ ԺԱՄԵՐ» ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Բաւական «լարուած» օրեր են Լիբանանի համար։

Խօսքը ներքաղաքական-ապահովական իրադրութեան մասին է, մանաւանդ, որ այսօր (ինչպէս նախատեսուած էր) կայանալիք կառավարութեան նիստն ալ յետաձգուեցաւ։

Նշեմ, որ լարուածութիւնը կապ ունի 2020 թուականին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի պայթումի դատաքննական գործընթացին հետ։

Դատախազ Թարէք Պիթար, որ ներկայիս պատասխանատուն է պայթումի հանգամանքները քննող դատաքննական մարմնին, բերման հրամանագիր հրապարակած էր երկրի ազդեցիկ քաղաքական դէմքերէն՝ Ալի Հասան Խալիլին (շիի) դէմ, նաեւ կար զրոյց, որ նախկին նախարարներ՝ Նուհատ ալ Մաշնուք (սիւննի) եւ Եուսէֆ Ֆընեանոսի (մարոնի) դէմ նոյնպէս բերման հրամանագիր պիտի հրապարակուի։

Բերման հրամանագրի հրապարակման հետ համատեղ «Հիզպուլլահ»ի ղեկավար Սէյիտ Հասան Նասրալլա ծանրօրէն քննադատած էր դատախազ Պիթարը, ըսելով, որ ան բացի դատաքննութենէն քաղաքական պատուէր կը կատարէ։

Այդ մօտեցումը անշուշտ «ազդանշան» մըն էր, որ կառավարութիւնը «լուծում» մը տայ «Պիթարի խնդրին» ու ամէն բան ընէ, որպէսզի մոխիրին տակ եղած կրակը արագօրէն մարի։

Քաղաքական պատկերին վրայ իրեն յատուկ տեղն ու ազդեցութիւնը ունեցող «շիի-զոյգ»ը («Ամալ»-«Հիզպուլլահ» կուսակցութեանց մասին է խօսքը) դէմ է քայլերուն դատախազին, որ ըստ իրենց՝ մանաւանդ «Հիզպուլլահ»ին, կը կատարէ «քաղաքական պատուէր» ու կը ներկայացնէ ամերիկացիներու «թեզ»ը։

Այս մեծ տեղաշարժերուն մէջ այսօր վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը յայտնուած է «նեղ անկիւն»ի մը մէջ։ Կայ կառավարական իրաւասութիւն դատախազ Պիթարը «խաղ»էն դուրս նետելու եւ այդ պարագային Միքաթի «նեղացուցած» պիտի ըլլայ ամերիկացիներն ու արեւմուտքը, իսկ եթէ թոյլ տայ, որ Պիթար շարունակէ իր գործը, ապա Պէյրութի պայթումի թղթածրարը կը մտնէ վճռորոշ եւ ծանր փուլ մը, որուն դիմաց ալ «Հիզպուլլահ» ձեռքերը ծալած պիտի չկենայ։

Անշուշտ, բացի այս բոլորը ներկայացնելէ՝ ըսեմ նաեւ, որ փորձագիտական շրջանակներ մեծ գրաւ դրած են այս թղթածրարին վրայ, նաեւ մտավախութիւններ ունին, որ երկրին մէջ «ներքին պայթում» մը արձանագրուի՝ ցրելու, աւելիով վատթարացնելու, կամ հարցերը հանգուցալուծելու նպատակով։

Ամէն պարագայի հաշուի պէտք է առնել, որ ԱՄՆ-Իրան «ամուսնութիւն»ը դեռ չէ գոյացած ու այդ ֆոնին խաղը բաց է բոլոր առումներով։

Աւարտին, ինչպէս միշտ ալ գրած եմ՝ Աստուած պահէ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2021