ՅՍՏԱԿ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար երէկ Երեւանի մէջ քննարկեցին երկու երկիրներու ապագայ համագործակցութեան տեսակէտէ շատ կարեւոր հարցեր։ Հնդիկ նախարարը հայ պաշտօնակցին առաջարկեց Իրանի Չապահար նաւահանգիստը օգտագործել՝ որպէս «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրութեան միջանցքի հանգոյց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարները համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մանրամասնութիւններ հաղորդեցին այս նիւթին շուրջ։ Ճայշանքարի խօսքով՝ ուղիղ կապի պակասը կը խոչընդոտէ երկու երկիրներու մարդոց շփումներն ու տնտեսական, առեւտրային փոխանակումները։ Ըստ իրեն, թէ՛ Հնդկաստան եւ թէ Հայաստան կը հանդիսանան «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրութեան միջանցքի անդամ։ Սա հեռանկար ունի՝ կապակցուածութեան զարգացման տեսակէտէ։

«Ես եւ Արարատ Միրզոյեան քննարկեցինք հետաքրքրութիւնը, որ Հայաստանի կողմէ արտայայտուած է Իրանի Չապահար նաւահանգիստի օգտագործման առումով։ Այս ծրագիրը մշակուած է Հնդկաստանի կողմէ։ Առաջարկեցինք նաեւ, որ այդ նաւահանգիստը օգտագործուի՝ որպէս միջազգային փոխադրութեան միջանցքի հանգոյց», ըսաւ Ճայշանքար։

Իր կարգին, Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ իր պաշտօնակցին հետ անդրադարձած են մեծ տարածքաշրջանէ ներս ենթակառուցուածքներու հարցերուն, «Հիւսիս-հարաւ» փոխադրութեան միջանցքին։ «Երկու երկիրներն ալ հետաքրքրուած են այս նախաձեռնութեան կեանքի կոչուելով։ Մենք քննարկեցինք այն վերջին դրական զարգացումները, որոնք կ՚ընթանան նաւահանգիստի շուրջ, նաեւ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ ճանապարհի ուղիղ հաղորդակցութեան հաստատման խնդիրը, Հայաստանէն Վրաստանով դէպի Ռուսաստան եւ գուցէ Սեւ ծով, դէպի Եւրոպա ապագայ տարանցիկ փոխադրումներու հարցը։ Սա մեր օրակարգի կարեւոր բաղկացուցիչն է», նշեց Միրզոյեան։

Անդրադառնալով Պարսից ծոց-Սեւ ծով նախաձեռնութեան՝ Միրզոյեան յայտնեց, որ Իրանի հետ վերջին օրերուն քննարկուած է այս հարցը։ Այս ծրագրի, համաձայնագրի առումով իրադարձութիւնները կը զարգանան բաւական աշխոյժ։ «Կը յուսամ, թէ մօտաւոր ապագային կ՚ունենանք ստորագրուած համաձայնութիւն մը՝ այդ փաստաթուղթին շուրջ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

Մինչ այդ, երէկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ հիւրընկալեց Սուպրահմանիամ Ճայշանքարը։ Այս առթիւ վարչապետը նշեց, որ յստակ պատկերացումներ կան, թէ երկու երկիրները ինչ ուղղութեամբ պիտի համագործակցին։ Զրոյցի տեւողութեան ընդգծուեցաւ, որ երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը արդէն բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուի եւ այժմ պէտք է կեդրոնանալ տնտեսական ծրագրերու վրայ՝ հաշուի առնելով համագործակցութեան մեծ ներուժը։

Երեւանեան աղբիւրները վերջին օրերուն տեղեկացուցին, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ օրակարգի վրայ է նաեւ համագործակցութեան զարգացումը ռազմական ոլորտէ ներս։

Իրանական լրատու գործակալութեան մը տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ յայտնեց, որ Երեւանի մտքին մէջ կայ Չապահարի նաւահանգիստը Սեւ ծովուն կապելով կարեւոր հանգոյց մը դառնալու գաղափարը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2021