ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուած է Արսէն Աւագեան։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն ստորագրած է համապատասխան հրամանագիրը։ Իրանի մէջ երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանը կը ներկայացնէր Արտաշէս Թումանեան, որուն ներկայիս կը յաջորդէ Արսէն Աւագեան՝ նշանակուած ըլլալով դեսպան։

Արսէն Աւագեան հայկական դիւանագիտութեան յայտնի եւ արժէքաւոր դէմքերէն մին է։ Մասնագիտութեամբ թրքագէտ՝ ան հրատարակուած գիրքեր ունի Թուրքիոյ մէջ։ Երկար ժամանակ Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարած է՝ որպէս Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ։ Իսթանպուլի ներկայացուցչութեան հաստատման զուգահեռ նշանակուած առաջին մշտական ներկայացուցիչը եղած է։ Աւելի վերջ նոյն առաքելութիւնով պաշտօնավարած է նաեւ երկրորդ ժամկէտով մը։

Վերջին տարիներուն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս Արսէն Աւագեան կը գլխաւորէր սահմանակից երկիրներու վարչութիւնը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2021