ԱՌԱՍՊԵԼԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Երէկ, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ առասպելական ծանրաբարձ Եուրի Վարդանեանի վերջին հրաժեշտը։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հայկական մարզաշխարհի ներկայացուցիչները հրաժեշտ տուին Եուրի Վարդանեանին, որ մօտաւոր անցեալին եղած էր նաեւ Հայաստանի մարմնամարզի նախարար, նաեւ Թիֆլիզի մօտ դեսպան։ Սգահանդէսի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը, որուն հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, իր կողքին ունենալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանը, Վիրահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանը եւ այլ եկեղեցականներ։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Եուրի Վարդանեանի դագաղը պատուած էր հայկական եռագոյնով։ Սգահանդէսի բոլոր մասնակիցները իրենց վերջին խոնարհումը բերին Եուրի Վարդանեանի յիշատակին առջեւ։ Ան 62 տարեկան էր եւ իր նուաճած մետայլներով ձեռք բերած՝ մեծ համբաւ մը։

Եուրի Վարդանեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018