ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը յայտնեց իր գնահատանքը ՀԲԸՄ-ի կողմէ Հայաստանի եւ սփիւռքի համայնքներէ ներս յառաջ տարուող հայրենաշէն եւ ազգօգուտ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութեան նկատմամբ ցուցաբերուած մշտական աջակցութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ուղղուած է հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի զօրացման, մեր ժողովուրդի միասնութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդման, ազգային-հոգեւոր արժեհամակարգի անաղարտ պահպանման։

Իր կարգին, Պերճ Սեդրակեանն ալ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցեալ քանի մը ամսուան ընթացքին Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի համայնքներէ ներս ՀԲԸՄ-ի կողմէ իրականացուած նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ որոշ ընդհանուր նկատառումներ ըրաւ՝ համայնքային կեանքի արդիւնաշատ կազմակերպման վերաբերեալ։ Սեդրակեան հաստատեց, որ ՀԲԸՄ պիտի շարունակէ մշտապէս զօրակցիլ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ ազգանպաստ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքի ազգային ինքնութեան եւ հայապահպանութեան ուղղեալ ջանքերուն։

Ամենայն Հայոց Հայրապետն ու ՀԲԸՄ-ի նախագահը անդրադարձան Հայ Եկեղեցւոյ պատմական անցեալին ու ներկայ իրավիճակին։ Անոնք մեծապէս կարեւորեցին եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի ապագայի կերտման ուղղութեամբ։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքական փոփոխութիւններուն եւ զարգացումներուն։

ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Լեհաստանի հայոց հոգեւոր հովուութիւնը ներառնուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ուքրայնոյ հայոց թեմի առաջնորդի հոգեւոր իրաւասութեան ներքեւ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018