ՍՊԱՍՄԱՆ ԲԱՐՁՐ ՆՇԱՁՈՂ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Նիկոլ Փաշինեան համատեղ օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ զրուցեց եւրոպացի դիւանագէտներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ Երեւանի մօտ ԵՄ-ի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Փիոթր Սվիթալսքիի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց դեսպաններու զանազան հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի քաղաքական փոփոխութիւններուն, բարեփոխումներու ընթացքին, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածքաշրջանային նշանակութեամբ այլ հարցերու։

Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնեց Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին շուրջ ԵՄ-ի ցուցաբերած հաւասարակշռուած դիրքորոշման եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն նկատմամբ աջակցութեան կապակցութեամբ։ Փաշինեան ընդգծեց Արցախի ժողովուրդի կարիքներուն ու ձգտումներուն առաւել մօտէն ծանօթանալու կարեւորութիւնը։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց ԵՄ-ի հետ կնքուած փաստաթուղթերու մէջ համաձայնեցուած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու դիրքորոշման համահունչ ձեւակերպումներու կիրառման անհրաժեշտութեան վրայ։ Փաշինեան կարեւորեց նաեւ տարածքաշրջանը ռազմական մագլցումներէ եւ սադրանքներէ զերծ պահելու ուղղեալ ԵՄ-ի հետեւողական ջանքերը։

Անդրադառնալով յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ անոնք կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենան երկրի ժողովրդավարութեան ամրապնդման տեսակէտէ։ «Նոր խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը կառուցուած կ՚ըլլան հանրային լայն աջակցութեան եւ վստահութեան վրայ, ինչ որ կ՚օգնէ աւարտին հասցնել թաւշեայ յեղափոխութիւնով սկսած գործընթացը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ընտրութիւններու կազմակերպման հարցին մէջ ԵՄ-ի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Իր կարգին, Սվիթալսքին ալ ընդգծեց Հայաստանի դրական փոփոխութիւններու փաստը եւ արտայայտեց այն համոզումը, թէ անոնք նոր արդիւնք կ՚ապահովեն Հայաստանի ժողովուրդին համար։ Դեսպան Սվիթալսքի նշեց, որ ԵՄ-ի օժանդակութեամբ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները կ՚անցնին ազատ, արդար եւ թափանցիկ։ «Մենք կը սպասենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ լաւագոյն ընտրութիւններուն», ըսաւ Սվիթալսքի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018