ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հետաքրքրական յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու առընչութեամբ։ «Փետրուարին Սեւանի մէջ չեն լողար», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու հաւանական կարգաւորման կապակցութեամբ։ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխաններու հետ հարցում-պատասխանի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին խօսեցաւ մեկնաբանելով Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ կատարուած յայտարարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Լաւրով յայտնած էր, որ Ռուսաստան պատրաստ է նպաստել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Այս բոլորին կապակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ հետեւեալը. «Եթէ յունուար ամիսն է եւ ոեւէ մէկը առաջարկէ Սեւան երթալ լողալու, ապա առաջարկը այդքան ալ տրամաբանական չ՚ըլլար, իսկ եթէ յուլիս ամիսն է, ապա այդ առաջարկին մէջ կ՚ըլլայ տրամաբանութիւն։ Տարածքաշրջանային իրավիճակն ու մթնոլորտը ցոյց կու տան, որ այդտեղ փետրուար ամիսն է եւ պէտք չէ իրերը հաւաքել՝ երթալ լողալու, որովհետեւ կրնանք մսիլ»։ Նիկոլ Փաշինեան թէեւ համաձայն է Սերկէյ Լաւրովի մտքին հետ, սակայն, այնուամենայնիւ, պէտք է ճիշդ համատեսքի մէջ ըլլայ այդ մէկը։ «Սեւանի մէջ լողալը լաւ բան մըն է, սակայն երբ մէկը առաջարկէ, պէտք չէ երթալ միանգամայն։ Պէտք է նայիլ, թէ դուրսը ինչ աստիճան է, պէտք է նայիլ օրացոյցին եւ ըստայդմ կողմնորոշուիլ», եզրափակեց Նիկոլ Փաշինեան։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Մատրիտեան սկզբունքներու պարզաբանման կարիք կը տեսնէ։ Երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Հայաստանի կառավարութիւնը Մատրիտեան սկզբունքները բանակցային գործընթացի հիմք ընդունելու կամ չընդունելու համար կը կարեւորէ այդ սկզբունքներու պարզաբանումը։ Քանի տակաւին Մատրիտեան սկզբունքները ամբողջութեամբ թափանցիկ չեն մեզի համար, դժուար է ըսել՝ մենք սա կ՚ընդունինք որպէս բանակցային գործընթացի հիմք կամ ոչ։ Մատրիտեան սկզբունքները, ըստ էութեան, հարցի լուծման ճանապարհ են։ Մենք կ՚ուզենք հասկնալ՝ այդ ճանապարհը մեզի հաւանական ի՞նչ տեղեր կրնայ հասցնել, որպէսզի նախապէս իմանանք, թէ այդ ճանապարհով պիտի երթա՞նք կամ ոչ։ Պէտք է պարզել, թէ Մատրիտեան սկզբունքները ո՞ւր կը տանին։ Պէտք է հասկնալ, որ ինչպիսի՞ իրավիճակ մը կայ եւ ըստ այդմ երթալ յառաջ։ Երբ պարզուի, որ տարբեր կողմեր կ՚ուզեն տարբեր ճանապարհներով երթալ, կը նշանակէ, թէ Մատրիտեան սկզբունքներու մէջ խնդիր մը կայ, ոեւէ մէկը կը խաբէ ոեւէ մէկը։ Իսկ մենք չենք ուզեր բանակցային գործընթացի մէջ եւ ընդհանրապէս մեր յարաբերութիւններուն մէջ ոեւէ մէկը խաբել»։

Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն շեշտեց նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նախադրեալներու հարցին մէջ Հայաստանի պատկերացումներու միջազգային ընկալումը դրական է։ Վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նախադրեալներու հարցին մէջ Հայաստանի պատկերացումները միջազգային գործընկերներու կողմէ կ՚ընկալուին դրական, որովհետեւ արձանագրուած է, որ Հայաստանի դիրքորոշումը շինիչ է։ Փաշինեան շարունակեց.

«Ես կը կարծեմ, թէ մեր բոլոր գործընկերները մէկուկէս տարուան մէջ արձանագրած են, որ ոչ միայն մեր մտադրութիւններուն մէջ չէ բանակցային գործընթացը փակուղի մտցնելը, այլեւ՝ ընդհակառակն, կան բազմաթիւ հարցեր, առանց որոնց կարգաւորման արդիւնաւէտ բանակցային գործընթաց մը յառաջ տանիլը հնարաւոր չէ։ Այս ըմբռնման առումով որոշակի ընդհանուր ընկալումներ ձեւաւորուած են նախադրեալներու տեսակէտէ։ Կը կարծեմ, թէ հարցի լուծման նախադրեալներու մասով մեր պատկերացումները աւելի լաւ ընկալում ստացած են, որովհետեւ արձանագրուած է, որ մեր դիրքորոշումները շինիչ են։ Ի հեճուկս ահազանգներու, ո՛չ միայն բանակցային գործընթացը փակուղիի չէ մատնուած, այլ նաեւ՝ աշխատանք կը տարուի պայմաններ ստեղծելու համար, որպէսզի ըլլայ հակամարտ բոլոր կողմերու տեսակէտէ լուծում գտնելու ուղղեալ բանակցային միջավայր մը եւ մթնոլորտ մը»։

Փաշինեան մեկնաբանեց նաեւ Սերկէյ Լաւրովի կողմէ Երեւանի մէջ կատարուած վերջին յայտարարութիւնը, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման մէջ որեւէ համաձայնութիւն չի կրնար ըլլալ առանց Արցախի ժողովուրդի։ Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, սա կը բխի բանակցութիւններու տրամաբանութենէն ու լաւ է, որ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ այդ հանգամանքը արձանագրուած է։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2019