ՄԷԿՈՒԿԷՍ ԺԱՄ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Սպիտակ տան երդիքին տակ Տանըլտ Թրամփ եւ Առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ հիւրընկալեցին Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ու Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանը։ Երկու նախագահներուն զրոյցը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Անոնց առանձնազրոյցէն վերջ տեղի ունեցաւ նաեւ ամերիկացի խումբ մը ծերակուտականներու հետ խորհրդակցութիւն։

Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ներկայիս կուտակուած բոլոր խնդիրները մանրամասնօրէն քննարկուեցան նախագահներու հանդիպման ժամանակ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ անցեալ 29 հոկտեմբերին ընդունուած հայանպաստ բանաձեւին, որով 1915 թուականի դէպքերը որակուած են ցեղասպանութիւն։ Էրտողան Թրամփի նկատառման յանձնեց, թէ այդ որոշումը վիրաւորած է Թուրքիան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2019