ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Նիւ Եորքի մէջ վերջերս նշուեցաւ եկեղեցական կեանքի տեսակէտէ յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Ներսէս ընծայարանը եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ս. Վլատիմիր ընծայարանը տօնախմբեցին իրենց համագործակցութեան 50-ամեակը։ Ս. Վլատիմիր ընծայարանի համալիրի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան հանդիսաւոր արարողութիւն։

Յոբելեանի առթիւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆնտըքեան, որու կողքին էին Ս. Ներսէս ընծայարանի տեսուչ Տ. Մարտիրոս Ա. Քհնյ. Չեւեան, թեմի հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ եւ ժառանգաւոր սաներ։

Ժամերգութեան արարողութենէն եւ առաջնորդ սրբազան հօր ելոյթէն վերջ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2019