ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԷՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ցաւակցական մը ուղարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս Ի.-ին։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ ցաւով անդրադարձաւ վերջին օրերուն Գամիշլիի մէջ, Սուրիա, պատահած ահաբեկչական ընդվզեցուցիչ արարքին, որու զոհ գացած էին տեղւոյն Կաթողիկէ հայոց եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ Հայր Յովսէփ Պետոյեանն ու հայրը՝ Աբրահամ Պետոյեանը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ցաւակցականին մէջ մաղթած է, որ վերջ գտնեն ահաբեկչական արարքները եւ խաղաղութիւն տիրէ ամբողջ աշխարհի վրայ։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդգծած է առ Աստուած իր աղօթքը, որպէսզի հոգելոյս եկեղեցականն ու տիրահայրը արժանանան երկնային անթառամ պսակներու։

Նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուցած է նաեւ, որ յառաջիկայ կիրակի Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի անոնց համար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2019