«ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ԽՆԴԻՐՆ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ» CRANS MONTANA ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ԳԼԽԱՒՈՐ ՖՈՐՈՒՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Սուրիայէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Երեւան։ Այդ պատուիրակութեան կազմին մէջ էր երկրի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններէն Նորա Արիսեան։ Պատուիրակութեան շփումներուն առընթեր ան հարցազրոյց մը տուաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։ Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ քաղաքները արդէն ազատուած են ահաբեկչական խմբաւորումներէ, սակայն պատերազ-մը տակաւին աւարտած չէ։

Նոյն հարցազրոյցի մէջ Նորա Արիսեան անդրադարձած է նաեւ սուրիահայութեան ներկայ վիճակին։ Իր խօսքով՝ ազգային կառոյցներու վերականգնումը ներկայիս սուրիահայ համայնքի առաջնահերթ խնդիրներէն է։ «Անպայման պէտք է աշխատիլ գաղութի վերակառուցման խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ։ Ինչ կը վերաբերի հայոց վերադարձին, ապա ըսեմ, որ ճիշդ է՝ հանգիստ իրավիճակը կը խրախուսէ շատերու վերադարձը, սակայն տակաւին պէտք է հաշուի առնել նաեւ առկայ տնտեսական եւ կենցաղային իրավիճակը»։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018