ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Ազգային Պաշտպանութեան նախարարութիւններու աղբիւրները հաղորդեցին, որ Թուրք զինեալ ուժերը ռմբակոծումներ կատարած են Իրաքի հիւսիսին։ Այսպէս, ռազմաօդային ուժերը ռմբակոծած են Սինճարի եւ Քարաճաք լերան շրջանները, որոնք ահաբեկիչներու կողմէ որպէս խարիսխ կ՚օգտագործուէին։

Ըստ Անգարայէ հասած լուրերուն, ՓՔՔ-ՔՃՔ-ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր ահաբեկչական տարրերը չէզոքացնելու առաջադրութեամբ կը կատարուին այս գործողութիւնները։ Բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Իրաքի հիւսիսէն դէպի Թուրքիա ուղղուած սպառնալիքները կասեցնելու եւ սահմանային անվտանգութիւնը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ կը կատարուին այս ռազմաօդային գործողութիւնները՝ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի հիման վրայ։

Իրաքի հիւսիսի այս վերջին գործողութիւններուն ժամանակ ոչնչացուած են ահաբեկիչներու կողմէ օգտագործուած ապաստանարաններ, բնակավայրեր, քարանձաւներ, փակուղիներ եւ շտեմարաններ։ Գործողութիւնները այնպէս մը ծրագրաւորուած են, որ առաւելագոյն նախանձախնդրութիւն ցուցաբերուած է քաղաքային ժողովուրդին եւ բնութեան վնաս չհասցնելու ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, Սինճարի մէջ երէկ թուրք զինուոր մը նահատակուեցաւ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018