ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Երեւանի եւ Ստեփանակերտի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք կանգ առին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի 2019 թուականի պետական պիւտճէներու ձեւաւորման վերաբերեալ շարք մը հարցերու վրայ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ կարգաւորման գործընթացին։

Հայաստանէ ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաջորդած մթնոլորտին մէջ սա Փաշինեանի եւ Սահակեանի առաջին հանդիպումն էր։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018