ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը կը փափաքի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը տեսնել արդար եւ փոխադարձ ընդունելի հիմքերու վրայ։

Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հերթական ժողովին առթիւ Սերկէյ Լաւրով այցելեց Պաքու։ Իր կեցութեան ընթացքին ռուս նախարարը հիւրնկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Պաքուի տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Լաւրով նշեց, որ Ռուսաստան ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման։ «Մենք կը փափաքինք խթանել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ անմիջական կապը՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման համար։ Ես գիտեմ, որ Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպում ունեցած էք», ըսած է Լաւրով Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին։

Բաց աստի, ռուս նախարարը ընդգծած է, որ իր երկիրը կը փափաքի, որպէսզի այդ կարգաւորումը տեղի ունենայ արդար ու փոխադարձաբար ընդունելի հիմքերու վրայ։ «Ռուսաստանը իր ազգային կարողութեամբ եւ որպէս Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա երրեակի անդամ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի նպաստէ հակամարտութեան կարգաւորման», ընդգծեց Լաւրով։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ Լաւրովի հետ կը քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Ան յոյս յայտնեց, թէ 2019 թուականին կարգաւորման գործընթացը նոր թափ մը կը ստանայ։ Ալիեւ կարեւորեց Մինսքեան խմբակի համանախագահի հանգամանքով Ռուսաստանի կողմէ գործադրուած ջանքերուն նշանակութիւնը։ Ալիեւ յիշեցուց, որ Ատըր-պէյճան եւ Ռուսաստան բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ միասնաբար գործունէութիւն կը ծաւալեն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2018