11-12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Մինչ պատրիարքական ընտրութեան դրական արձագանգները կը շարունակուին համայնքային կեանքէն ներս, այս շաբաթավերջին Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը կը նախագահէ իր առաջին մատաղօրհնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի։ Մինչ այդ, կը տեղեկանանք, որ Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան արարողութեան պատրաստութիւններն ալ արդէն սկսած են։ Այսպէս, ամենայն հաւանականութեամբ մօտալուտ Ս. Ծնունդէն վերջ, 11-12 յունուար 2020-ին տեղի պիտի ունենան արարողութիւնները։ Եթէ վերջին պահուն փոփոխութիւն մը չպատահի, շաբաթ, 11 յունուարին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ընտրեալ-պատրիարքը պիտի կատարէ իր երդումը եւ պաշտօնապէս գահ պիտի բարձրանայ։ Օր մը վերջ ալ՝ 12 յունուար 2020, կիրակի, Նորին Ամենապատուութիւնը Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցէ անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Նոյն օրը երեկոյեան, նախատեսուած է նաեւ պաշտօնական ընթրիք մը, որու վայրը պիտի յստականայ շուտով։ Գահակալութեան արարողութեան մասնակցութիւն պիտի բերեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը երէկ երեկոյեան ալ մասնակցութիւն բերաւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ընթրիքի մը, որ տեղի ունեցաւ Չըրաղանի պալատին մէջ։ Քրիստոնեայ աշխարհի մօտալուտ Սուրբ Ծնունդի եւ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած ընթրիք մըն էր այս մէկը, որուն հրաւիրուած էին փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններէն կրօնաւորներ, դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, մամլոյ սպասաւորներ եւ այլ հիւրեր։ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր հետ էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. եւ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանն ալ հրաւիրեալներու շարքին էին։ Մեր համայնքէն հրաւիրուած էին նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որդին՝ գործարար Յակոբ Շիրինօղլու, պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, անդամուհիներէն Լենա Ենիեորկան, արուեստագիտուհի Անթա Թորոս եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։

Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ կուսակալ Ալի Երլիքայա, որ ընդգծեց Իսթանպուլի համակեցութեան պատկերը։ Ան միեւնոյն ժամանակ շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց Թուրքիոյ հայոց նորընտիր պատրիարքին։

Ընթրիքի տեւողութեան սեղաններու շուրջ մասնակիցներուն միջեւ տեղի ունեցաւ անմիջական զրոյց։ Արձակման փուլին կուսակալ Ալի Երլիքայա մի առ մի ձեռնուեցաւ բոլոր ներկաներուն հետ, որոնց յանձնեց նաեւ յուշանուէրներ։

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը «Սապահ» օրաթերթին հարցազրոյց մը տուած է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ վերջերս ընդունուած որոշման շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ԱՄՆ-ի քոնկրէսը 1915 թուականի դէպքերը որակեց՝ որպէս ցեղասպանութիւն, ինչ որ տեղի տուաւ Թուրքիոյ բուռն բողոքին։ Այս իրադարձութիւնը արժեւորելով Նորին Ամենապատուութիւնը ըսած է հետեւեալը.

«Կարգ մը բաներու նկատմամբ կարեւորութիւն պէտք չէ ընծայել։ Խորհրդարաններէն շարունակ կարգ մը բաներ կ՚անցնին։ Մենք՝ Թուրքիոյ հայերս կը ցաւինք, որ հարիւր տարի առաջ այս հողերուն վրայ ապրուած ցաւերը այլ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ կ՚օգտագործուին՝ որպէս ռազմավարական, տնտեսական կամ քաղաքական ճնշման միջոց։ Մենք այս բանը կ՚ընկալենք որպէս անյարմար կացութիւն մը, որ ուղղուած է մեր նախնիներուն։ Մենք կը փափաքինք, այս հողերուն վրայ ապրուած խնդրի մը շուրջ խօսուի այս հողերու բնակիչ մարդոց կողմէ։ Երրորդ-չորրորդ կողմերու, ովկիանոսի միւս կողմէ մարդոց խօսելու իրաւունք կը ծնի, որովհետեւ կողմերը չեն խօսիր։ Երանի Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները կեանքի կոչուէին, Վիեննայի հանդիպումները տեղի ունենային եւ պատմաբաններու յանձնախումբը ստեղծուէր։ Թուրքիան նեղ կացութեան մատնելու համար յառաջ քշուած հայկական թեզը պատճառ կը դառնայ չարաշահումի մը զգացումին։ Չեմ մտածեր, թէ սա շատ բարոյական երեւոյթ մըն է։

«Այս գործը ունի քաղաքական չափում մը։ Ես քաղաքական գործիչ մը չեմ։ Այս բանի մեկնաբանութիւնը կը մնայ քաղաքական գործիչներուն։ Որպէս հայ համայնք՝ մենք Թուրքիոյ համարկուած մարդիկ ենք։ Ճակատագրակից ենք այս երկրին հետ։ Այս երկրի բոլոր տարրերուն հետ ներդաշնակութեան մէջ կեանք մը ստեղծած ենք։ Մենք հարիւր տարի առաջ ապրուածները մոռցած ենք յիշելով։ Յիշելով կը մոռնանք։ Սա Իսթանպուլի հայկական հաւաքականութեան նախընտրութիւնն է։ Մենք նախընտրած ենք այս երկրին մէջ ապրիլ։ Թուրքիոյ հայերէն անկախ զարգացած քաղաքական դէպքերը կամայ թէ ակամայ ազդեցութիւն կը գործեն մեր վրայ։ Այսպիսի գրգռութիւնները Թուրքիոյ մէջ կը հրահրեն նաեւ ատելախօսութիւնները»։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2019