ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ԳԻՒՂ ԵՒՍ ԳՐԱՒՈՒԵՑԱՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն շաբաթավերջին դարձեալ հասան բախումներու վերաբերեալ լուրեր։ Նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած, Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութենէն ի վեր առաջին անգամ տեղի ունեցան նոր բախումներ, որոնց ժամկէտն ալ հետաքրքրական էր։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի բանակը այս յարձակումը իրագործեց, երբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի եւ ամերիկացի համանախագահները կ՚այցելէին տարածքաշրջան, իսկ Պաքուի մէջ երկրի ղեկավար Իլհամ Ալիեւ խիստ ազդարարութիւններ ուղղեց անոնց։ Մեծ հաշուով, հրադադարի համաձայնութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ արդէն բաւական բարդ գործընթաց մը կը նախատեսուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման համար։ Սահմանազատման առկայ դժուարութիւններու պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին այցելեց Սիւնիքի մարզը, ուր զանազան հանդիպումներ ունեցաւ սահմանամերձ գօտիէն ներս։ Իր կարգին, Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսեթ Պօղոսեանն ալ «Արմէնփրէս»ին յայտարարեց, որ մարզէն ներս կացութիւնը հանգիստ է եւ Ատրպէյճանի զօրքերուն հետ խօսակցութիւն տեղի ունեցած է խրամատէ, բարձրախօսի միջոցաւ։

Յամենայնդէպս, այս վերջին իրադարձութիւնները եկան վերահաստատել, որ այդ գործընթացը պիտի ըլլայ բաւական խնդրայարոյց։ Այս պահու դրութեամբ, Արցախի մէջ երկու գիւղ եւս գրաւուած է Ատրպէյճանի բանակին կողմէ։ Անոնք են՝ Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը, որոնք Հադրութի շրջանին մէջ են։

Այս ճակատագրական իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ տրուած արձագանգն ալ իսկապէս ողբերգական էր եւ կու գար ապացուցանել Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութեան պարապութիւնը։ Արդարեւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան Արցախի հարաւի այդ դէպքերէն վերջ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերու յարձակումը պէտք է առաջին հերթին արժանանայ Ռուսաստանի խաղաղապահներու արձագանգին։ Այս յայտարարութիւնը, իսկապէս, խոստովանութիւն մըն էր՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան տեսակէտէ ստեղծուած ցաւալի կացութեան տեսակէտէ։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այդ իրավիճակին մէջ հանդէս եկաւ յորդորով, որպէսզի Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անյապաղ հանրութեան ներկայացնեն Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Յաջորդող փուլերուն այդ նախարարութիւնները հանդէս եկան բացատրութիւններով։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ատրպէյճան նպատակ ունի արժեզրկել ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը՝ իր սադրիչ գործողութիւններով։ Իսկ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ յիշեալ երկու գիւղերը անցած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքեւ եւ հայկական կողմը ունի վեց վիրաւոր։ Պաքուի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի բանակէն չորս զինուոր զոհուած է բախումներուն ժամանակ։ Զանազան աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի բանակը յստակ հրահանգ ունեցած է այդ գիւղերը գրաւելու համար եւ նոյնիսկ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ ռուս խաղաղապահներէն պահանջուած է հեռանալ այդ շրջաններէն։ Կուտակուած են ծանր զէնքեր՝ յաղթահարելու համար Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զօրքերուն կողմէ ցոյց տրուած դիմադրութիւնը։

Մինչ այս փուլերը պատահեցան, առաջին հերթին Ռուսաստան հակամարտ կողմերէն պահանջեց պահպանել հրադադարի դրութիւնը։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ սա հրադադարի առաջին խախտումն է Լեռնային Ղարաբաղէ ներս։ Աւելի ուշ նոյն աղբիւրները հաղորդեցին, որ շփման գծի ողջ երկայնքով վերահաստատուած է հրադադարը։ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը Արցախէ ներս ընդլայնած են իրենց պատասխանատուութեան գօտին՝ ներառելով Ատրպէյճանի յարձակման ենթարկուած Հին Թաղեր գիւղը։ Խաղաղապահներու հրամանատարը՝ Ռուստամ Մուրատովն ալ երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուց, որ հրադադարի խախտումէն վերջ իրավիճակը կարգաւորուած է։

Այս բոլորը կու գան ապացուցանել, որ հրադադարով հանդերձ կացութիւնը որքան խոցելի է եւ այս փուլէն վերջ արդէն հաւանական խնդիրները կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ ուղղակիօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի պարագային։ Շաբաթավերջի դէպքերը ապացուցանեցին, որ հրադադարը վերջնական երաշխիք մը չէ, Ատրպէյճան հնարաւորութիւն ունի այդ մէկը խախտելու ըստ իր քմահաճոյքին եւ այդ առումով Ռուսաստանի խաղաղապահներուն ներշնչած վստահութիւնը նուազած է տակաւին առաջին քայլափոխին։ Ի վերջոյ, հայկական կողմը հերթական անգամ տարածք կորսնցուցած է եւ Երեւանի ղեկավարութեան արձագանգը համապատասխան է անգործութեան եւ անճարութեան։

Երէկ գիշեր այս բոլոր մտահոգիչ իրադարձութիւններէն վերջ, Երեւանի մէջ Հայաստանի Ազգային անվը-տանգութեան խորհուրդը արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Ժողովի ընթացքին Փաշինեան ունեցաւ ելոյթ մը, որով նկարագրեց պատահածները, անդրադարձաւ յառաջիկայ շարք մը վտանգաւոր հաւանականութիւններուն։ Պարզ է, որ խիստ կասկածելի է այժմու կառավարութեան կողմէ առկայ մարտահրաւէրներու լիարժէք դիմագրաւման հաւանականութիւնը, սակայն, Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը կարեւոր էր՝ որպէս առկայ փուլի արձանագրման պաշտօնական բացատրութիւն։ Ան երէկ գիշերուան ժողովի ընթացքին ըսաւ. «Երէկ արդէն մարտական գործողութիւններու մեկնարկէն որոշ ժամանակ անց ռուս խաղաղապահներու փոքր ստորաբաժանում մը մօտեցած է մարտական գործողութիւններու գօտիին, որուն շնորհիւ մարտերը դադրած են, բայց Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը անցած են Ատրպէյճանի յատուկ նշանակութեան ջոկատներու վերահսկողութեան ներքոյ: Այսօր առտուընէ ռուսական խաղաղապահները աւելի մեծ ուժերով մուտք գործած են տուեալ հատուածը, եւ այս պահուն իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է, առնուազն խաղաղապահներու ներկայութիւնը հոն որոշ վստահութիւն կու տայ, որ յետագայ գրոհէն խուսափելու շատ մեծ հաւանականութիւն կայ»։ Վարչապետը աւելցուց. «Մեր առջեւ, բնականաբար, խնդիր կայ. այդ հատուածին մէջ իրավիճակը լիովին համապատասխանեցնել նոյեմբեր 9-ի համատեղ յայտարարութեան դրոյթներուն, ուր յստակ արձանագրուած է, որ յայտարարութիւնը ընդունելու պահէն զօրքերը կը մնան իրենց դիրքերուն վրայ շփման գիծի երկայնքով: Այսինքն՝ այստեղ նրբութիւնը հոն է, որ Խծաբերդ, Հին Թաղեր հատուածը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզի վարչական սահմաններէն ներս, եւ հետեւաբար ամբողջովին այդ պայմանաւորուածութիւններու տրամաբանութենէն կը բխի, որ ան պէտք է գտնուի հայկական ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ, որովհետեւ նոյեմբեր 9-ի դրութեամբ այդ տարածքները եղած են հայկական, Պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան ներքոյ»։ Փաշինեան ըսաւ նաեւ հետեւեալը.

«Յաջորդ խնդիրը, որուն շուրջ յառաջիկային մենք պէտք է որոշումներ կայացնենք, կապուած է Քուպաթլը եւ Զանգելան շրջաններու իրավիճակին հետ: Այդ շրջաններուն մասին, ի հարկէ, համատեղ յայտարարութեան մէջ որեւէ յիշատակում չկայ, որովհետեւ յայտարարութիւնը ստորագրելու պահուն այդ տարածքները, ցաւօք, մեծ մասամբ գտնուած են ատրպէյճանական ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ, այսինքն՝ ընդամէնը փոքր հատուածները մնացած են: Այդ բանակցութիւններուն ընթացքին կարծիք եղած է, որ սահմաններու ճշգրտում պէտք է տեղի ունենայ այս հատուածներուն մէջ: Յաջորդ իրավիճակը, որուն շուրջ կրնայ տեղի ունենալ կամ յառաջանալ որոշ լարուածութիւն, նոյն այս հատուածին կը վերաբերի: Այստեղ նրբութիւնը այն է, որ մենք այդ հատուածով անցնող՝ մեզի համար ռազմավարական նշանակութեան ուղի մը ունինք, սահմաններու եւ դիրքաթիւերու ճշգրտման հետ կապուած կան որոշ հարցեր: Երէկ մինչեւ կէսգիշերը անց Մոսկուայի մէջ Պաշտպանութեան նախարարի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած են քննարկումներ: Իրադրութեան լուծման մի քանի առաջարկներ եւ տարբերակներ կան, եւ մենք յառաջիկային պէտք է որոշում կայացնենք այդ տարբերակներէն որեւէ մէկուն հետ կապուած»:

Ըստ Փաշինեանի, շատ կարեւոր է նաեւ գերիներու փոխանակման գործընթացը։ «Եւ այստեղ ալ մենք որոշ յառաջընթաց կամ յառաջընթացի լուրջ հնարաւորութիւն ունինք ու այսօր, վաղը պէտք է կայացնենք յստակ որոշումներ: Կը փափաքէի նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդին եւ մեր խորհրդարանական գործընկերներուն տեղեկութիւն հաղորդել անհետ կորսուածներու եւ զոհուածներու մարմիններուն դուրսբերման գործընթացին մասին, ներկայացնել, թէ ուր հասած է գործընթացը, եւ յառաջիկային ի՛նչ գործընթացներ պէտք է տեղի ունենան, ի՛նչ ընելիքներ ունինք այս խնդիրները հնարաւորինս արագ լուծելու համար եւ ինչպիսի՛ վստահութիւն կայ, որ մենք այդ խնդիրները կը յաջողինք հնարաւորինս արագ եւ արդիւնաւէտ լուծել», նշեց ան եւ աւելցուց.

«Ընդհանուր առմանբ, կ՚ուզեմ ըսել նաեւ, որ իրավիճակը, որուն մասին ես խօսեցայ, կը համարեմ կառավարելի, խուճապի մատնուելու կարիք չկայ, պարզապէս պէտք է մենք որոշումներ կայացնենք եւ, ի հարկէ, կը կայացնենք այդ որոշումները: Անոնք կրնան հարցեր յառաջացնել, եւ մենք ի հարկէ պատրաստակամ ենք բոլոր հարցերուն պատասխանելու: Ամբողջ խնդիրը այն է, որ պէտք է ճիշդ ներկայացնենք հանրութեան, թէ ո՛ր որոշումը ինչու կը կայացուի, նաեւ իրավիճակները ինչո՛ւ ծագած են:

«Հին Թաղեր, Խծաբերդ հատուածին հետ կապուած կ՚ուզեմ ըսել նաեւ, որ ի սկզբանէ եղած են որոշ հակասութիւններ իրադրութեան գնահատման շուրջ այն առումով, թէ նոյեմբեր 9-ի դրութեամբ ո՛վ ո՛ւր գտնուած է: Սա, ի հարկէ, թերեւս ոչ հետաքրքրական, բայց կարեւոր նրբութիւն մըն է, որովհետեւ սա կապ ունի նաեւ իրադրութեան հետ, որովհետեւ կան տարբեր վարկածներ, տարբեր մեղադրանքներ, թէ ո՛վ ամսուն 9-ի դրութեամբ ո՛ւր գտնուած է եւ ամսուն 9-էն ետք ո՛ւր յայտնուած է: Մենք, Պաշտպանութեան բանակը վստահ ենք մեր դիրքորոշումներուն եւ ճշմարտացիութեան վրայ եւ, ի հարկէ, հետեւողականօրէն կ՚աշխատինք մեր միջազգային գործընկերներուն ցոյց տալու այդ եւ իրադրութիւնը մեր ունեցած փաստարկներուն ծիրէն ներս կառավարելու համար»:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020