ԹՈՒՐՔԻԱ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՊԻՏԻ ՀԻՄՆՈՒԻ ԱՂՏԱՄԻ ՄԷՋ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վերահսկման համար նախատեսուած Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ դիտարկման կեդրոնը պիտի ստեղծուի Աղտամի շրջանէն ներս։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ շաբաթավերջին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները ընդունելով։ Ալիեւ ըսաւ. «Մենք կը գտնուինք Աղտամի շրջանէ ներս դիտարկման կեդրոնի ստեղծման փուլին մէջ։ Ռուս-թրքական դիտարկման կեդրոնը կը վերահսկէ հրադադարի դրութեան պահպանումը։ Կը կարծեմ՝ սա տարածքաշրջանային համագործակցութեան լաւ դրսեւորում մըն է։ Միեւնոյն ժամանակ, սա Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ լաւ համագործակցութեան խորհրդանշան մըն է»։ 

ԹԻՖԼԻԶԷՆ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը արձագանգեց վերջին օրերուն օրակարգի վրայ եկած Կովկասեան վեցեակի հարթակի մը ստեղծման գաղափարին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի Պաքու կատարած վերջին այցելութեան ժամանակ բարձրաձայնուած էր այս առաջարկը։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած Ատրպէյճանի բանակի յաղթանակի զօրահանդէսին զուգահեռ՝ յայտարարուած էր, որ կ՚առաջարկուի ստեղծել Կովկասեան վեցեակի նման հարթակ մը եւ այս ուղղութեամբ հաւանութիւն տուած է նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Այդ հարթակի վրայ կը նախատեսուի համախմբումը Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Իրանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի։ 

Այս առաջարկի օրակարգի վրայ գալէն անմիջապէս վերջ Թիֆլիզէն հասաւ ժխտական արձագանգ մը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Վրաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Լաշա Տարսալիա երկրի հեռուստակայաններէն մէկուն տուած հարցազրոյցին ժամանակ շեշտեց, որ իր երկիրը չի պատկերացներ Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւն մը՝ նախագահ Էրտողանի կողմէ առաջարկուած վեցերու հարթակին վրայ։ Որպէս պատճառաբանութիւն՝ ան մատնանշեց առկայ պայմանները։ Ըստ վրացի դիւանագէտին, քանի տակաւին Մոսկուա չէ կատարած իր միջազգային պարտաւորութիւնները, ապա Թիֆլիզի մասնակցութիւնը անկարելի է որեւէ ձեւաչափով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020