ԽԻՍՏ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներէն՝ Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ այս շրջանին այցելութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Անոնք շաբաթավերջին այցելեցին Պաքու, ուր ընդունուեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Միջնորդներու Երեւանի շփումները նախատեսուած են այսօր։ Անոնք կ՚ընդունուին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։

Համանախագահներու Պաքու այցելութեան վերաբերեալ կը կատարուին ուշագրաւ հաղորդումներ։ Այսպէս, ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով չէ մասնակցած Պաքուի հանդիպումներուն եւ ինքը փոխարինուած է տեղւոյն Ռուսաստանի դեսպանին կողմէ։ Իկոր Փոփովի բացակայութեան կապակցութեամբ որեւէ պարզաբանում չէ կատարուած։ Ըստ Պաքուէն հասած լուրերուն, Իլհամ Ալիեւի եւ համանախագահներու հանդիպումը անցած է որոշ չափով լարուած մթնոլորտի մը մէջ։ «Ես ձեզ չեմ հրաւիրած, այստեղ գալը ձեր գաղափարը եղած է», ըսած է Ալիեւ Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի եւ ամերիկացի համանախագահներուն։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը որեւէ դերակատարութիւն չէ ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ըստ Ալիեւի, դժբախտաբար, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը դեր չէ խաղացած հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ՝ հակառակ անոր, որ 28 տարուայ ընթացքին ան ունեցած է համապատասխան լիազօրութիւն։ «Ես 17 տարիէ ի վեր կը մասնակցիմ բանակցութիւններուն։ Սակայն նոյնիսկ եթէ Մինսքեան խմբակը հանդէս եկած է գաղափարներով եւ փորձած է ստեղծագործաբար մօտենալ խնդրին, ապա սա որեւէ արդիւնք չէ տուած», ըսաւ Ալիեւ եւ աւելցուց, որ ներկայիս հակամարտութեան կարգաւորումը ամբողջովին փոխած է իրավիճակը տարածքաշրջանէ ներս։ «Ներկայ պահուն ամբողջովին նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է», շեշտեց Ալիեւ, որ մէջբերեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի գնահատականը, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը արդէն պատմութեան գիրկը անցած է։ Ալիեւ իր համամտութիւնը յայտնեց Փութինի այդ գնահատականին համար։ Զրոյցի ընթացքին Իլհամ Ալիեւ նշեց, որ Պաքու այցելելու նախաձեռնութիւնը եղած է համանախագահներունը եւ ինք չէ հրաւիրած անոնք։ «Այստեղ գալը ձեր գաղափարը եղած է։ Կարող եմ անգամ մը եւս ըսել սա տեսախցիկներու առջեւ։ Ես Մինսքեան խմբակը չեմ հրաւիրած, սակայն երբ ինծի տեղեկացուցին, որ Մինսքեան խմբակը կը փափաքի գալ, ըսի՝ թող գան, ես դէմ չեմ։ Գուցէ ինծի ըսելու բան մը ունին», նշեց Իլհամ Ալիեւ։

Ալիեւի մօտ տեղի ունեցած հանդիպումէն վերջ Սթեֆան Վիսքոնթի շաբաթավերջին Պաքուի մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ նշեց, թէ միջնորդները պատրաստ են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման տարբերակներ գտնելու՝ հաշ-ւի առնելով կողմերու կամքը։ Ֆրանսացի համանախագահը նշեց, որ իրենք կը հասկնան իրադարձութիւններու զարգացման նոր օրակարգը։ «Ամբողջովին նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ բարօրութեան համար։ Ինչ կը վերաբերի միւս բոլոր հարցերով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աշխատանքին, ապա սա ամբողջութեամբ կախուած կ՚ըլլայ ձեզմէ։ Ասոր համար լաւ հիմք մը կայ։ Մենք անցումային փուլի մէջ կը գտնուինք եւ կրնանք ծրագրեր մշակել ապագայի համար», ըսաւ Վիսքոնթի եւ աւելցուց, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը կ՚ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս հրադադարի հաստատումը, ինչ որ վերջ դրած է մարտերուն։ «Մենք շատ դրական կը վերաբերինք հրադադարի համաձայնութեան բոլոր դրոյթներուն նկատմամբ», ընդգծեց ան։

Համանախագահներու Պաքու այցելութեան զուգահեռ՝ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին միջազգային եւ երկ-կողմանի օրակարգի շարք մը հրատապ հարցեր՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան իրականացման գործնական հարցերը։ 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը արդէն հասած է այնտեղ։ Կը հաղորդուի, որ Վաղարշակ Յարութիւնեան Մոսկուայի մէջ հիւրընկալուած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։ Այս այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան ստորագրման յաջորդած մթնոլորտին մէջ։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են նաեւ շաբաթավերջի թէժ իրադարձութիւնները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020