ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՆ ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ փակուղիին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ զանազան մակարդակներու վրայ շփումներն ու խորհրդակցութիւնները։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ամբողջ երկրէն ներս կը շարունակուին զանազան ձեւաչափերով բողոքի ցոյցերը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, բացի մայրաքաղաք Երեւանէն, երկրի միւս քաղաքներուն մէջ ալ հակազդեցութեան ալիքը դարձած է զգալի։ Շաբաթավերջին, այս ծիրէն ներս, ցուցարարներ երթեւեկութիւնը կասեցուցին Կիւմրի-Պաւրա մայրուղիին վրայ։ Հարկ է նշել, որ այս ճանապարհը կ՚երթայ դէպի Հայաստան-Վրաստան սահմանը։ 

Նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Վազգէն Մանուկեանի հետ, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման կողմէ առաջադրուած է վարչապետի թեկնածու։ Ինչպէս միշտ, պաշտօնական աղբիւրները սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդեցին՝ նշելով, որ քննարկուած է երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Զրոյցի բովանդակութեան շուրջ թէեւ մանրամասնութիւնները կը պակսին, սակայն նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին տուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ալ անդրադարձաւ Վազգէն Մանուկեանին եւ ըսաւ. «Ես չեմ, որ պէտք է գնահատեմ Վազգէն Մանուկեանի անցած ճանապարհը։ Ան եղած է Լեռնային Ղարաբաղի շարժման ղեկավարներէն մին։ Իր անցած ճանապարհը կը խօսի իր մասին»։ Արմէն Սարգսեան ցաւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը եւ ներկայիս իշխանութեան գլուխ գտնուող քաղաքական ուժը չեն անդրադարձած իր կողմէ հնչեցուած առաջարկին։ Ինչպէս ծանօթ է, Արմէն Սարգսեան պահանջած էր կառավարութեան հրաժարումը։ «Որովհետեւ, ես կը կարծեմ, թէ սա իրավիճակէն ելքի ճանապարհն է։ Ընդդիմադիր 16 կուսակցութիւնները նոյն ճանապարհային քարտէսը ունին, ինչ որ ես առաջարկած եմ, սա տրամաբանական ճանապարհն է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան «Սիվիլնեթ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ։

Արմէն Սարգսեան հարցազրոյցի մը ժամանակ նշեց, որ Վազգէն Մանուկեան Անկախ Հայաստանի առաջին վարչապետը եղած է, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօն վարած է եւ իր անցած ճանապարհը կը խօսի իր մասին։ «Իր հետ շփուած եմ երկուքուկէս տարի առաջ՝ Ապրիլեան իրադարձութիւններու ժամանակ, երբ ինք Հանրային խորհուրդի նախագահն էր եւ հանդիպումները ցոյց կու տային, որ գործ ունիմ մարդու մը հետ, որ շատ սրտացաւ է, եռանդագին եւ ունի յստակ իր պատկերացումները եւ նաեւ ունի շատ մեծ որակ՝ լսելու ընդունակութիւն», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ որպէս Հանրապետութեան նախագահ՝ ինք կը ձգտի ամէն ինչ ընել, որպէսզի այս դժուար օրերը յաղթահարուին։ «Ես կ՚ուզեմ, որ այս անցումային շրջանը նոյնպէս յաղթահարենք, անցում պէտք է ըլլայ, պէտք է ըլլայ այնպէս, ինչպէս եղաւ երկուքուկէս տարի առաջ՝ առանց հակամարտութեան եւ առանց բռնութեան կոչերու։ Ես երկու կողմերուն ալ կոչ կ՚ուղղեմ մոռնալ այս կոչերը, որովհետեւ անոնք մեր ազգին յարիր չեն։ Եւ եթէ ռազմադաշտի վրայ պարտութիւն կրած ենք, մենք իրաւունք չունինք մեր արժանապատուութիւնը, մեր ազգային հպարտութիւնը պարտելու», ըսաւ ան։ Խօսելով իր շփումներուն մասին՝ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ առաջարկած է հանդիպիլ Հայաստանի Հանրապետութեան ցայսօր պաշտօնավարած երեք նախագահներուն հետ։ Արդէն հանդիպած է երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն հետ։ Հանդիպած է նաեւ խորհրդարանի նախագահին եւ Վազգէն Մանուկեանին հետ։ «Կ՚առաջարկեմ, որ բոլոր ուժերը՝ կառավարութիւնը, իշխանութեան գլուխ գտնուող ուժը, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը գան եւ այս հարթակին վրայ իրենց հարցերը լուծեն՝ քաղաքակիրթ ձեւով», եզրափակեց ան։ Ի լրումն այս բոլորին, Արմէն Սարգսեան աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Կը կարծէի, որ կառավարութիւնը առաջինը պիտի արձագանգէր նախագահի առաջարկին եւ հրաժարական պիտի տար»։

Մինչ այդ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանը։ Այս վերջինը Հայաստանի առաջին վարչապետն է եւ ներկայ տագնապալի իրավիճակին մէջ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններու կողմէ կազմուած շարժման կողմէ վարչապետի միասնական թեկնածու ցոյց տրուած է։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը Վազգէն Մանուկեանի հետ անդրադարձած է Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին եւ առկայ մարտահրաւէրներուն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020