19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԹ ՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ  ելոյթով մը՝ ժողովուրդի հետ զրոյցի ձեւաչափին մէջ։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ 19 դեկտեմբերին պիտի լրանայ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան 40-րդ օրը։ Այս առթիւ յիշատակի երթ մը տեղի պիտի ունենայ ի յարգանս նահատակներուն։ Երեւանի մէջ յիշատակի երթը պիտի սկսի Հանրապետութեան հրապարակէն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020