«ՕՄԻՔՐՈՆ»Ի ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳ ՍՊԱՍՈՒՄ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հերթական անգամ վիճակագրական տուեալներ հրապարակեց քորոնաժահրի համավարակի ընթացքին շուրջ՝ մանաւանդ, «Օմիքրոն» հիմնամանրէի յայտնաբերման յաջորդած իրավիճակին մէջ։ Այսպէս, կազմակերպութիւնը տեղեկացուց, որ այս նոր տարբերակին հետեւանքով կը նախատեսուի վարակեալներու հիւանդանոց փոխադրումներու եւ մահուան դէպքերու աճ։ Ծանօթ է, որ «Օմիքրոն»ի վերաբերեալ հեռանկարները այժմ խորապէս կը մտահոգեն համայն աշխարհը։

2021 թուականի նոյեմբերին, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարեց քորոնաժահրի նոր տարբերակի՝ «Օմիքրոնի» մասին: Այժմ, գիտնականները Հարաւային Ափրիկէի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հետազօտութիւններ կը կատարեն «Օմիքրոն» տարբերակի յատկութիւնները բացայայտելու համար: Այս պահուն, տակաւին պարզ չէ, որ «Օմիքրոն» տարբերակը միւսներուն հետ բաղդատելով աւելի՞ վարակելի է, թէ՞ ոչ, հակառակ անոր որ Հարաւային Ափրիկէի շրջաններուն մէջ, ուր շրջանառութեան մէջ է այս տարբերակը, աւելցած են քորոնաժահրային հիւանդութեան պարագաները: Ներկայիս կ՚իրագործուին համաճարակաբանական հետազօտութիւններ՝ պարզելու համար, որ արդեօք անիկա պայմանաւորուա՞ծ է «Օմիքրոն» տարբերակով, թէ՞ այլ գործօններով: COVID-19-ի յարուցիչի բոլոր տարբերակները, ներառեալ ամբողջ աշխարհի մէջ գերիշխող «Տելթա»ն, կրնան յանգեցնել հիւանդութեան ծանր ընթացքի եւ մահուան՝ յատկապէս «ռիսք»ի խումբի անձերու ծիրին մէջ։ «Օմիքրոն»ը կրնայ բարձրացնել կրկնավարակի վտանգը։ Ատոր համաձայն, պատուաստները կը շարունակեն արդիւնաւէտօրէն պաշտպանել հիւանդութեան ծանր ընթացքէն եւ մահուան դէպքերէն:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021