ԵԶԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ այսօրերուն տեղի կ՚ունենայ եզակի ցուցահանդէս մը, որ բացուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ։ «Օր մը Փոմփէիի մէջ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, Երեւանի մօտ Իտալիոյ դեսպանութեան եւ Փոմփէիի հնագիտական արգելոցի համագործակցութեամբ։ Այս ցուցահանդէսը այցելեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 16 յունուար 2022 թուականը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021