ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն շուրջ։ Ազգային մեծ ժողովէն ներս, Արտաքին գործոց նախարարութեան նոր տարուայ պիւտճէի վերաբերեալ ծաւալւած քննարկումներու ժամանակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու անդրադարձաւ բազում նիւթերու, որոնք առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնեն Անգարայի դիւանագիտական օրակարգին վրայ։ Այս ամբողջէն ներս, խորհրդարանի երդիքին տակ Չավուշօղլու խօսեցաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս ուղղութեամբ ակնկալութիւնները խտացած են՝ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած ժամանակաշրջանին։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ Թուրքիա եւ Հայաստան մօտաւոր ապագային փոխադարձ յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակեն՝ բնականոնացման ուղղութեամբ քայլեր առնելու նպատակով։ «Ամէն քայլափոխին Ատրպէյճանի հետ միասին պիտի շարժինք», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ գործընթացին նաեւ չարթըր թռիչքներ պիտի սկսին Երեւանի եւ Իսթանպուլի միջեւ։

Մինչ Չավուշօղլուի այս յայտարարութիւնները լայն արձագանգ ստեղծեցին, Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ պաշտօնապէս հաստատեց փոխադարձ յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակման պարագան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան այս առաւօտ պատասխանեց՝ Չավուշօղլուի յայտարարութիւններու լոյսին տակ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Բանբերը այս կապակցութեամբ ըսաւ.

«Հայաստանը ինչպէս անցեալի մէջ մշտապէս, այնպէս ալ այժմ պատրաստ է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչ որ արձանագրուած է կառավարութեան ծրագրին մէջ։ Այս առումով դրական կը գնահատենք Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարի՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով յատուկ ներկայացուցիչ նշանակելու մասին յայտարարութիւնը։ Կը հաստատեմ, որ հայկական կողմը եւս երկխօսութեան համար յատուկ ներկայացուցիչ կը նշանակէ»։

Մեւլիւտ Չավուշօղլուի այս յայտարութիւնները յաջորդեցին վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման ուղղեալ առաջին հանդիպման։ Գործնականօրէն «3+2» ձեւաչափով տեղի ունեցաւ այդ հանդիպումը, որովհետեւ Վրաստան կը բացակայէր։ Փոխ-վարչապետներու մակարդակով Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած տեսակցութիւնը նոյն սեղանին շուրջ համախմբած էր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները, անշուշտ, Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021