ՆՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Պրիւքսել, ուր կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին։ ԵՄ-ի եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու ղեկավարները կը համախմբուին այս առթիւ Պրիւքսելի մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ուղեւորութեան ընթացքին նախատեսուած են Նիկոլ Փաշինեանի շարք մը երկկողմանի հանդիպումները եւրոպացի ղեկավարներու հետ։ Փաշինեան հանդիպում մըն ալ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։

Բաւական երկար ժամանակ առաջ արդէն պաշտօնապէս հաղորդուած էր, որ Պրիւքսելի այս գագաթաժողովի շրջանակին մէջ տեղի կ՚ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի, Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը։ Արեւելեան գործընկերութեան բուն գագաթաժողովը նախատեսուած է վաղը, իսկ այս կարեւոր եռակողմանի ժամադրութիւնը կ՚իրականացուի այսօր։ Շարլ Միշել առաջին հերթին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ կ՚ունենայ առանձին հանդիպումներ, իսկ աւելի վերջ կ՚իրականացուի եռակողմանի տեսակցութիւնը։ Եւրոմիութեան աղբիւրներն ալ պաշտօնապէս հաստատած են այս բոլորը։

44-օրեայ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտի պայմաններով, մօտաւոր անցեալին Սոչիի մէջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ եռակողմանի հանդիպում մը ունեցած էին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այդ գագաթաժողովէն վերջ անոնք հանդէս եկած էին համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով ընդհանրապէս վերահաստատուած էին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ Այդ գագաթաժողովը առիթ հանդիսացած էր նաեւ դիւանագիտական առումով ճշգրտումներ ընելու համար այն հարցերուն շուրջ, որոնք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յառաջացած են՝ մասնաւորապէս տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգին զուգահեռ։

Ընդհանրապէս, Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած ժամանակաշրջանին Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ տեսակցեցան երեք անգամ՝ երեքն ալ Վլատիմիր Փութինի ներկայութեամբ ու միջնորդութեամբ։ Սա արդէն 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի յայտարարութիւնը ստորագրած երեք ղեկավարներու ձեւաչափն է։ Պրիւքսելի այս օրուան ժամադրութեան առանձնայատկութիւնը այն է, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ առաջին անգամ այդ ձեւաչափէն դուրս կը տեսակցին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021